ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Ռատուան Մարթինի եւ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի նախագահ Ֆիրաս Մուալլա ստորագրեցին գործակցութեան պայմանագիր մը, հաստատելով վերանորոգել մարզական դաշնութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր կալուածները, մարզականին կողքին երկրի զբօսաշրջութեան մարզը եւս զարգացնելու հեռանկարով:
– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան կարգապահական յանձնախումբի նախագահ Թաուֆիք Սարհան անհատական դրդապատճառներէ մեկնած իր հրաժարականը ներկայացուց:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ փուլի մրցումներուն, Իթթիհատի կազմը 0-0 արդիւնքով հաւասար աւարտեց Ֆութուէի հետ իր ունեցած մրցումը: Հաւասար արդիւնքով՝ 0-0, աւարտեցան նաեւ Հըթթին ընդդէմ Ուահտէ,  ինչպէս նաեւ Ուասպէ-ճազիրա (1-1) խաղերը:  Աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող Թըշրինը Համայի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց  Թալիաան, իսկ Սահէլը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Նաուաիրին:  Դամասկոսի մրցումին, Ճէյշը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շըրթան: Աւելցնենք,  որ այս փուլի մրցումներուն, իրաւարարներու ներկայացումները գոհացուցիչ չդարձան խումբերուն համար, որուն լոյսին տակ ալ յառաջիկայ օրերուն պատժական որոշումներ առնուելու հաւանականութիւն կայ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ՌՈՄԱ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան վերջնականապէս պիտի հաստատուի Իտալիա, մաս կազմելով Ռոմայի խումբին: Հայկական «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը  վկայակոչելով իտալական La Gazzetta dello Sport պարբերականին յայտնեց, որ  Արսենալ կ’ուզէ  Զասթին Կլիւվերտիի  համար Ռոմային տալ 20 միլիոն եւրօ եւ  Հենրիկ Մխիթարեանի փոխադրութեան իրաւունքը: Ըստ աղբիւրին, այս համաձայնութիւնը կարելի է իրականացնել, որովհետեւ Մխիթարեանի եւ Կլիւվերտիի գործակալը նոյն Ռայոլանն է: Մխիթարեանի վարձակալութեան պայմանագիրը Ռոմայի հետ նախատեսուած էր մինչեւ 30 Յունիս, բայց հայ մարզիկը առայժմ իտալական խումբին հետ պիտի մնայ մինչեւ մրցաշրջանի աւարտը, նկատի առնելով որ վերջին շրջանին պսակաձեւ ժահրին պատճառով մրցումները դադրած են: Աւելցնենք, որ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը վերապահուած է անգլիական Արսենալին: Ան մէկ տարուան վարձք ստանալու պայմանով տեղափոխուեցաւ Իտալիոյ Ռոմա խումբ:
ՌԱՄՈՍ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲԷ ՄԸ ԱՌԱՋԱՐԿ ՍՏԱՑԱՒ
Սպանիոյ հաւաքականի եւ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտ խումբի պաշտպանողական խաղացող  Սերժիօ Ռամոս փափաք յայտնած է վերջ տալու Ռէալին հետ իր գործակցութեան եւ միանալու Ամերիկեան ՄԼՍ. ակումբին: Ըստ AS-ին  Ռամոս նոր պայմանագրութիւն պիտի չստորագրէ սպանական խումբին  հետ: Ան  հետաքրքրուած է Տէյվիտ Պէքհամի անհատական Ինթըր Մայամի ակումբով: Վերջերս Ռէալի ղեկավարութիւնը Ռամոսին  առաջարկած էր նաեւ  երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքել, որ նախատեսուած էր  մինչեւ 2023: Յիշենք, որ սպանացի խաղացողը մայրաքաղաքի ակումբին միացաւ 2005-ին: Ան նախապէս մաս կը կազմէր Սէվիլիային:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան