«Երկիր».-Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  հանդիպում  ունեցած է Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի, իրաւապաշտպաններ Զարուհի Յովհաննիսեանի եւ Աւետիք Իշխանեանի հետ:

Առաջարկելով իրենց տեսակէտները ներկայացնել հանրապետութեան մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին, նախագահը ըսած է, որ պէտք է խօսիլ ոչ միայն այս պահուան առկայ հարցերուն եւ անոնց լուծման, այլեւ` ընդհանրապէս ինչպիսի հիմնական հարցեր կան, որոնք նաեւ հիմնարար լուծման կարիք ունին:

Զրոյցի ընթացքին մասնակիցները իրենց տեսակէտը  ներկայացուցած են Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան, ոլորտէն ներս առկայ հարցերուն մասին:

Արձագանգելով անոնց հարցերուն ու դիտարկումներուն` նախագահ Արմէն Սարգսեան  ըսած է. «Ցաւօք, մեր մօտ ամէն ինչ, նոյնիսկ իրաւապաշտպանութիւնը քաղաքականացուած է: Կ’անձնաւորուին նախագահի հիմնարկէն սկսեալ  մինչեւ քաղաքացի կամ իրաւապաշտպան: Սա ոչ միայն անթոյլատրելի է, այլեւ շատ վտանգաւոր: Սա, անշուշտ, նոր երեւոյթ չէ եւ միայն հայկական երեւոյթ չէ: Այդ նոյն ձեւաչափերը  տարբեր երկրներու մէջ կը  կիրառուին: Սա այսօրուան փոխուած աշխարհի արդիւնքն է, ուր մարդոց մեծ մասը իրենց կեանքի մեծ մասը կ’անցնէ առցանց աշխարհի մէջ, ուր ո՛չ օրէնք կայ, ո՛չ կարգաւորում:

Ցաւալի է նաեւ, որ այս ձեւաչափը մեծ թափով կը կիրառուի մեր մօտ: Կը կիրառուի վերէն եւ ներքեւէն, աջէն եւ ձախէն, անձնաւորուած, թիրախաւորուած է: Հետեւաբար, շատ յաճախ յետին ծրագիր կը  մղուի քննարկման նիւթը` թեման, որուն համաձայն` մենք զայն կը կորսնցնենք:

Մենք պէտք է դուրս գանք այդ միջավայրէն եւ իրականութենէն, ուր կ’ապրինք եւ կը գործենք, կը փորձենք մեր  կարելիութեան սահմաններուն մէջ իրավիճակը փոխել եւ բարելաւել:

Եթէ նախագահը սկսի ամէն օր օգտագործել իր ունեցած հիմնական գործիքներէն մէկը, որ խօսքն է, ապա  ժամանակի ընթացքին կ’արժեզրկուի: Նախագահը պէտք է շատ զուսպ ըլլայ եւ գործէ անհրաժեշտ պահերուն: Ոչ թէ կէտային, այս կամ այն պարագայի առիթով, այլ աւելի ընդհանրացուած. մարդոց  հանդուրժողականութեան կոչ ուղղող, տարբեր գործիքներ օգտագործելով նպաստէ իրազեկման ու աջակցի հանրային քննարկումներուն»:

Հանրապետութեան նախագահը արձագանգած է նաեւ խորհրդարանական հանրապետութենէն ներս նախագահի դերին վերաբերող հարցերուն, որոնց մասին նոյնպէս իրաւապաշտպանները խօսած էին:

Հանդիպումին մասնակիցները համակարծիք  եղած են Հանրապետութեան նախագահին հետ, որ տարբեր հարցերու շուրջ տարբեր ձեւաչափեր օգտագործելով իրազեկելու, հանրային քննարկումներ կատարելու եւ կրթելու անհրաժեշտութիւն կայ, եւ բոլորս հոն ընելիք ունինք: