«Էրմէնիհապեր».-ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցած զեկոյցին համաձայն` 2019 թուականին 79,5 միլիոն փախստական իր տունն ու բնակավայրը ստիպուեր է  լքել: 2018 թուականի համեմատութեամբ փախստականներուն թիւը աշխարհի մէջ աճած է 9 միլիոնով:

Գաղթերուն հիմնական պատճառը պատերազմներն են, յատկապէս՝ քաղաքացիական: 20 Յունիսը փախստականներու օր կը համարուի եւ այդ օրուան ընդառաջ ՄԱԿ-ի կողմէն հրապարակուած զեկոյցին մէջ տեղ գտած տուեալներուն համաձայն, աշխարհի բնակչութեան 1%-ը փախստականի կարգավիճակ ունի:

Նոյն զեկոյցին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ փախստականներու թիւով աշխարհի մէջ Թուրքիան առաջին դիրքը կը գրաւէ: Թուրքիոյ մէջ ներկայիս մօտաւորապէս 3,9 միլիոն փախստական ապաստանած է:

Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած փախստականներուն մօտաւորապէս 92%-ը Սուրիայէն եկած են: Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիան յաճախ  փախստականներու հարցը մերթ տնտեսական աջակցութիւն ստանալու, մերթ սպառնալիքի նպատակով կ’օգտագործէ: