Լիբանան կը գտնուի տնտեսական եւ ֆինանսական խոր տագնապի մը մէջ ընդառաջ եւ այդ կացութիւնը իր խոր ժխտական ազդեցութիւնը ունի տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Ոչ իսկ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975–1990) համայնքային հաստատութիւնները գտնուած են իրենց դռները փակելու ստիպումի սպառնալիքին դէմ յանդիման: Պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ, համայնքը շատ արագ կազմակերպեցուեցաւ հայկական թաղամասերու բժշկական, պարէնային եւ այլ ամէն ձեւի օժանդակութիւն հասցնելու համար: Համայնքի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնը դիմած է Սփիւռքին՝ խնդրելով օժանդակութիւն դիմակայելու համար օրհասական այս կացութիւնը:

Անցեալ 10 եւ 11 Յունիսին, համայնքը թիրախ եղաւ նոր եւ շատ լուրջ սպառնալիքի մը: Հայազգի հաղորդավար լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի իր ծրագիրին ընթացքին, «Թուիթըր«ի ճամբով ստացաւ հայհոյանքներ, որոնց շարքին իրեն «գաղթական» համարումը: Հաղորդավարը լրագրողը ուղղակիօրէն պատասխանեց այդ յարձակումներուն եւ ամբաստանութեան մատը յղեց դէպի Թուրքիա եւ նախագահ Էրտողան: Լրագրողին ելոյթին յաջորդեց հայատեացութեան արտայայտութիւններու ամբողջ տարափ մը, որուն մեծ մասը ոչ-լիբանանեան աղբիւրներէ կու գային: Այդ արտայայտութիւնները կ՛արդարացնէին Ցեղասպանութիւնը՝ ըսելով, որ «հայերը արժանի էին ջարդուելու»: Տեղի ունեցաւ թրքական դրօշակներով ցոյց նոյն հայատեաց արտայայտութիւններով, որոնց հեղինակները իրենք զիրենք կը համարեն օսմանցիներու ժառանգորդներ եւ Էրտողանի հետեւորդներ: Լիբանանի մէջ Արաբ Մերտինցիներու միութեան նախագահ Մունիր Հասան ի մասնաւորի օսմանցիները անուանեց իր «նախահայրերը» եւ ըսաւ որ «լաւ գործ ըրին հայերուն ջարդելով»: Ան հայերուն կոչեց «յիմարներ, դաւաճաններ, վատեր եւ անյարգալիցներ»:

Բարեբախտաբար, լիբանանեան քաղաքական բոլոր շրջանակները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին: Լիբանանի մէջ գործող Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին՝ դատապարտելով այս երեւոյթը եւ ինքնազսպումի կոչ ըրին հայ համայնքի զաւակներուն: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց զուսպ մնալու եւ գրգռութեանց տեղի չտալու:

Երեսփոխանը դատական հարց բացած է Մունիր Հասանի դէմ: Նոյնը ըրին Լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները: Նամակներ յղուած են Պէյրութի մէջ դեսպանութիւններու՝ զգուշացնելով հայատեացութեան այս նորագոյն արտայայտութեան դէմ:

Արժանթինի Հայ Համայնքի Հաստատութիւններս այսու կու գանք համայնքին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Հայատեացութեան այս արտայայտութիւնները ինքնաբուխ չեն այլ ներշնչուած եւ կազմակերպուած Անգարայի կողմէ: Համահունչ են Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ նոր-օսմանական նոր քաղաքականութեան Միջին Արեւելքի մէջ: Սուրիոյ հիւսիսն ու Լիպիա իր զինուորական միջամտութենէն ետք, Էրտողանի վարչակարգը իր գործակալները եւ իր երաշխաւորած ու ֆինանսաւորած ծայրայեղական խմբակցութիւնները աշխուժացուցած է Լիբանանի մէջ եւս: Երկրին տագնապալի այս կացութենէն օգտուելով, Թուրքիա կը ջանայ հարուածել միջ-համայնքային համակեցութիւնը եւ թիրախ դարձնել հայութիւնը այնպէս, ինչպէս թիրախ դարձուց քիւրտերը Սուրիոյ մէջ:

Իբրեւ արժանթինցի քաղաքացիներ, մեր կառավարութեան ուշադրութեան կը յանձնենք թրքական հայատեացութեան այս նոր արտայայտութեան մասին ընդդէմ լիբանահայութեան եւ միջազգային բեմին վրայ արժանթինեան դիւանագիտութենէն կ՛ակնկալենք ցեղապաշտական այս քաղաքականութեան դէմ յստակ յանձնառութիւն:

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԵՐ