Ազգային ժողովը 23 Յունիսին 89 թեր, 0 դէմ ձայներով, երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու» նախագիծը:
Ընդունուած օրինագիծով դադրեցաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ Սահմանադրական դատարանի անդամ:
Ազգային ժողովը որոշեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող հարցով չդիմել Սահմանադրական դատարան:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրը:
Խորհրդարանի նիստերուն կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստերուն: