«Երկիր».- 30 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի տեսաժողովը, որ իրականացաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնտիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆերի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիքի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Տեսաժողովի ընթացքին համաճարակի պայմաններուն մէջ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին անդրադարձ կատարուեցաւ:
Հանդիպումի ընթացքին ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէն հնչող ռազմատենչ եւ ապակառուցողական յայտարարութիւններու անթոյլատրելիութիւնը` նշելով, որ անոնք վնաս կը հասցնեն խաղաղ գործընթացի մթնոլորտին եւ կը խոչընդոտեն ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու յանձնառութեան իրականացումը:
Միեւնոյն ժամանակ նախարար Մնացականեան կարեւոր համարեց Արցախի ժողովուրդին համապարփակ անվտանգութեան շարունակական ապահովման անհրաժեշտութիւնը, ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի միջոցով:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան առերես հանդիպումներու եւ համանախագահներուն տարածաշրջան այցելութեան կարելիութիւնները, որոնք կախեալ կը մնան համաճարակի ստեղծած իրավիճակի զարգացումներէն: Միեւնոյն ժամանակ ընդգծուած է գալիք ամիս հեռավար կապով շփումները շարունակելու պատրաստակամութիւնը: