Նախագահի աշխատակազմէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան յայտնած են, որ «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու եւ լրացումներու փաթեթը հանրապետութեան նախագահին կողմէ չստորագրելու վերաբերեալ լրացուցիչ մեկնաբանութիւններ չունին:

«Ազատութիւն»-ը նախագահի աշխատակազմին հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ նախագահը որոշեց չստորագրել օրէնքները, արդեօք վիճայարո՞յց կը նկատէ գործընթացը, թէ այլ պատճառ կայ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանին տեղեկացուցած է, որ նախօրէին խորհրդարանի ընդունած «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու փաթեթը պիտի չստորագրէ, բայց չէ յստակացուցած, թէ պիտի դիմէ՞ Սահմանադրական դատարան, կամ ոչ: