1 Յուլիսին տեսակապի միջոցով Միացեալ Թագաւորութիւն (ՄԹ)-Հայաստան խորհրդարանական խումբի անդրանիկ հանդիպումը գումարուած է, որուն մասնակցած են նաեւ ՄԹ-ի ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին ընթացքին խումբի ղեկավար ընտրուած է Պահպանողական կուսակցութեան պատգամաւոր Թիմ Լոտըն:

Պարոնուհի Գարոլայն Քօքս (Լորտերու պալատ) խումբին մէջ ներառուած է որպէս համանախագահ, պատգամաւորներ Էնտրիւ Ռոզինտելը, Ճէյմս Կրէյը, Մարք Պրիտչարտը (բոլորը` Պահպանողական կուսակցութենէն), Ֆերեալ Քլարքը (Լեյպորիստական կուսակցութիւն) որպէս փոխնախագահներ, եւ Ճէյմս Միւրէյը (Լեյպըրիստական կուսակցութիւն) որպէս պատասխանատու լիազօր:
Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի Յանձնախումբի ղեկավար Անէթ Մոսկոֆեան խումբի քարտուղար նշանակուած է: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձած է խումբին աշխատանքներուն եւ նպատակներուն` ընդգծելով նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգութեան գործօնը եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Խումբին նպատակն է առաւել զարգացնել հայ-բրիտանական խորհրդարանական կապերը եւ առեւտուրի, զբօսաշրջութեան, կրթութեան զարգացման եւ այլ բնագաւառներու մէջ երկկողմ գործակցութեան նպաստել:
Հանդիպումին ընթացքին պատգամաւորներուն խնդրանքով, դեսպանութեան ներկայացուցիչը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ COVID-19 համավարակին պարզած իրավիճակը եւ կառավարութեան կողմէն ճգնաժամի յաղթահարման քայլերը: