Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Մինասի Պատարագ, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցի սաներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան: Պատարագի հոգեթով երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:
Եկեղեցին կը խայտար Կիրակնօրեայ Դպրոցի մեծաթիւ սաներու ներկայութեամբ:
Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս Կիրակնօրեայ Դպրոցի սաները եւ իրենց ծնողները երախտագիտական հաւաքի մը մասնակցեցան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, քահանայ հայրերու եւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին ներկայութեան:
Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցին հանդէպ տածած սիրոյն եւ հայրական քաջալերանքին համար: Այնուհետեւ, Տէր Զարեհ Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներուն անունով շնորհաւորեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առիթով, ազգընտիր հովուապետին մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ:
Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամառնային դասընթացքին հետեւող սաները մեծ խանդավառութեամբ փունջ մը շարականներ եւ աղօթքներ մատուցեցին:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղեց օրուան խորհուրդը:
Հին Կտակարանէն երկու օրինակներ մէջբերելով սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները, որ դժուարութիւններուն մէջ Յոբի նման համբերութիւն ունենան եւ Յովսէփ գեղեցիկի նման յոյսով ներշնչուին ու նոր տեսլականով ընթանան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներուն կատարումը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց քահանայ հօր եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցիչներուն՝ իրենց տարած հետեւողական աշխատանքին համար:
Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Աւարտին, ներկաները հոգեկան ցնծութեամբ միասնաբար երգեցին Հայրապետական մաղթերգը։
Հաւաքը վերջ գտաւ «Տէրունական Աղօթք»ով: