Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Շաբաթ, 4 Յուլիս 2020-ին Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի շրջանաւարտ հունձքերուն հանդէսը: Ներկայ էին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու մարմիններ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Կրթական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ եւ հիւրեր:
 Ամավերջի հանդէսները աշակերտներուն համար պատեհ առիթն են  արտացոլելու  երախտագիտութիւնը իրենց համար  ամէն ջանք ի գործ դնող ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն:
6-րդ կարգի աշակերտները իրենց բացման խօսքին մէջ վեր առին հայ ժողովուրդի կենսասիրութիւնը, որուն հիմքն է ազգային արժէքներով հարուստ մեր կեանքը:
Հանդէսի տեւողութեան աշակերտները ասմունքներով եւ Ս. Գրային հատուածներով լուսարձակի տակ առին հայ ժողովուրդի գոյութեան կարեւոր կռուանները՝ գիրը, լեզուն, մշակոյթը եւ կրօնքը:
Դարերու ընթացքին մեր մշակոյթին օտար մշակոյթներուն հետ փոխկապակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նորոգուող դիմագիծը արաբերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով արտասանուած խօսքերուն ընդմէջէն ներկայացուեցան:
Ապա աշակերտները արաբական, հայկական եւ օտար պարերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին:
Ընթացաւարտ աշակերտները իրենց դասընկերներուն անունով  համայնքապետ վերապատուելիին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին՝ իրենց անխոնջ աշխատանքին համար:
Այնուհետեւ պաստառի վրայ ցուցադրուած պատկերներուն ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի՝ 2019-2020 ուսումնական  տարեշրջանի գործունէութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առին վարժարանիս մանկապարտիզպանուհին՝ Անի Կարճիկեան-Հարպոյեանն ու տնօրէնուհին՝ Արուսեակ Տէր Արթինեան-Հալլաճեանը:
Այնուհետեւ համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք վերապատուելին շնորհաւորական իր խօսքով հանդէս եկաւ ու ըսաւ. «Փառք Ամենակալին, մենք կրցանք համախմբուիլ ու կազմակերպել նման հանդէս մը հակառակ տիրող պայմաններուն: Աստուած ամենակարող է եւ ամէն բան զօրացնողն է, նոյնիսկ մարդ արարածին ու աշխարհին ընթացքը խանգարող կացութիւններու մէջ: Հետեւաբար մեր յոյսը պիտի չդնենք անցողակի երեւոյթներու կամ խոստումներու վրայ, այլ՝ յաւիտենական Աստուծոյ վրայ»: Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշական քայլերուն ընդառաջ դպրոցները փակ յայտարարուեցան, սակայն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը առցանց ուսուցումով Սուրիոյ մակարդակով ուսումնական տարեշրջանը իր լրումին հասցուց:
Աւարտին, ան շնորհաւորեց ծնողները, բարձր գնահատեց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան աշխատանքը՝ մաղթելով բարեբեր եւ բեղուն գործունէութեամբ յագեցած օրեր:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան