Անգամ մը եւս «Գանձասար»ի անխոնջ ու աննահանջ խմբագրուհին յաջողեցաւ գայթակղեցնել զիս, երբ դէմս դրաւ խումբ մը հայ գրողներու անուններ, որոնց յոբելենական տարին է 2020-ը։ Անկարելի էր մերժել անոր առաջարկը, մանաւանդ որ յիշուած գրողներու մեծ մասը իր տաղանդով կրնար որեւէ ժողովուրդի գրականութիւնը զարդարել։
Այդ պահուն յիշեցի Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին» գիրքի ծննդեան մասին հեղինակին վկայութիւնը. «Նա (Քրիստափոր Միքայէլեանը- Լ. Մ.) …խօսեց, համոզեց, հմայեց ինձ իր թաւ, ողբերգական ձայնով եւ պարտադրեց փոքրիկ պատմուածքներ գրել Դրօշակի համար…Երկար մտածեցի…ճար չկար … անհնարին էր մերժել Քրիստափորին»։
Ո՛չ ես եւ ոչ ալ, վստահ եմ, «Գանձասար»ի խմբագրուհին յաւակնութիւն ունինք բաղդատուելու Քրիստափորին կամ Ահարոնեանին հետ, բայց մեր Զարմիկին եւս անհնարին է մերժել, ու ես յօժարեցայ (սիրով) գրել այդ գրողներու մասին։
Որմէ՞ սկսիլ։ Յարմար գտայ դիմել ամենատրամաբանական ձեւին՝ ընտրել ըստ իրենց ապրած ու ստեղծագործած ժամանակաշրջանին։ Այդ իմաստով  առաջինը Ռափայէլ Պատկանեանն է, յայտնի նաեւ որպէս Գամառ Քաթիպա։
Կրնայ հարց առաջանալ՝ ինչո՞ւ կ’անդրադառնանք 190 տարի առաջ ծնած գրողի մը։ Հոս, իմ կարծիքով, կը ծագի ընդհանրապէս գրողի մը մեծութեան, կարեւորութեան հարցը։ Համաշխարհային գրականութեան մէջ իրենց անփոխարինելի տեղը ունին հնագոյն ու հին դարերուն ապրած բազմաթիւ գրողներ, սկսեալ Հոմերոսէն, Շէյքսփիրէն ու Սերվանտէսէն, եւ ոչ ոք միտքէն կ’անցընէ, թէ անոնք ժամանակավրէպ են ու «հինցած»։ Այս հարցի մասին գրականագէտներ հատորներ կը գրեն, իսկ մենք կը սահմանափակուինք ամէնէն պարզուկ բացատրութեամբ՝ մեծատաղանդ գրողները կը յաջողին կեանքի եւ մարդու մէջ տեսնել, բռնել յաւերժական մարդկայինը, մշտապէս այժմէականը եւ ներկայացնել բարձր արուեստով։
Արդ, Պատկանեան, թէեւ Հոմերոս կամ Շէյքսփիր չէ, բայց իր գրականութեան շատ կողմերով տակաւին այժմէական է, ազգի կեանքի այլազան հարցերուն տուած իր բանաձեւերը այսօր ալ հարազատ են ու ճիշդ ուղի կը մատնանշեն։
Այս հարցին քիչ մը եւս կ’ուզեմ անդրադառնալ, թերեւս հայ գրողներու անկոչ փաստաբանի դերը ստանձնելով։ Ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի գրական շրջանակներու մէջ միշտ վերապահ, վեհերոտ կեցուածք կայ, երբ համեմատութիւն կը դրուի հայ եւ օտար որեւէ գրողի միջեւ։ Բնական է, որ գրողները բաղդատելը նուրբ գործ է, եւ այդ մասին չէ խօսքս, այլ որ մենք միշտ հայ գրողը կը ստորադասենք (Խօսքս բացառութիւններուն կամ սնապարծութեան մասին չէ)։ Այսպէս, մէկական օրինակ. Հայաստան ընդունուած էր Թումանեանը բաղդատել Պուշկինի հետ եւ, «բնականօրէն», գերադաս դիրքը ռուս բանաստեղծին էր… Այո՛, ան մեծութիւն է, բայց Թումանեան «անհաս գագաթն է մեր նոր քերթութեան» (Ե. Չարենց)։ Սփիւռքի մէջ ընդունուած է ֆրանսացի Մոփասանը նկատել «Նորավէպի Արքայ», իսկ Գր. Զօհրապը՝ «Նորավէպի Իշխան» եւ այլն։ Արդեօք իրապէ՞ս երկրորդական տաղանդներ են հայ գրողները։ Անտարակոյս, կան տկարներ, միջակներ, տաղանդաւորներ եւ առաւել շնորհուածներ։ Բայց հազիւ թէ ամէնքը, բաղդատած օտարներու, երկրորդական տաղանդներ են։ Չմոռնանք, որ տաղանդի ծաղկումին, լիովին դրսեւորումին համար շատ կարեւոր դեր ունին միջավայրը, տուեալ ազգի քաղաքական դիրքը, տնտեսական վիճակը, մշակութային մակարդակը, ի վերջոյ՝ տարածքը ու բնակչութեան թիւը։ Որքան որ լայն, համաշխարհային կապերու եւ յարաբերութիւններու մէջ է երկիրը, այնքան աւելի լայն, ընդհանրական գաղափարներ կը ծնին ընկերութեան մէջ, եւ տաղանդաւոր արուեստագէտներ գաղափարական ու արուեստի աւելի բարձր մակարդակներու կրնան հասնիլ։ Արծիւը հաւնոցի սահմաններու մէջ արծիւ չի կրնար ըլլալ, անոր մեծ երկինք պէտք է։ Տաղանդաւոր գրողը մեծ թռիչք կրնայ առնել, երբ համապատասխան միջավայր ու ոտքին տակ լայն ցատկատախտակ ունի։ Այսպէս, Հիւկօն համաշխարհային մեծութիւն է, որովհետեւ ունէր բարենպաստ քաղաքակրթական, մշակութային միջավայր, ու արուեստներու մայրաքաղաք Փարիզին մէջ անոր տաղանդը փայլեցաւ։ Րաֆֆի մը, Թումանեան մը, Զօհրապ մը, Վարուժան մը, Սիամանթօ մը եւ դեռ ուրիշներ համաշխարհային նոյն հռչակը կրնային ունենալ, եթէ ըլլային…ըսենք՝ ֆրանսացի։ Մեծ պետութիւնը իր տաղանդները թարգմանելու, ծանուցելու, ներկայացնելու այլազան կարելիութիւններ կու տայ։ Նուազագոյնը՝ լեզուն. բաղդատենք ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, ռուսերէն ընթերցողներուն բանակները ու հայերէն լեզուով ընթերցողներուն թիւը…։
Յիշենք Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպի հերոսին՝ Սուրէնին խօսքը. «Մեր մէջ գետին չկայ, շարժում չկայ, գործունէութեան դաշտ չկայ…Յոյսերով կարելի չէ զիս օրօրել, տեսայ ինձմէ առաջ եկող հայերը, որոնք այդ յոյսով ծերացան։ Իմ արուեստս չ’ուզեր սպասել ոչ մէկ վաղորդայնի…Կ’ուզեմ խօսիլ, եւ բնական է, որ խօսքս ուղղեմ անոնց, որոնք լսելու ատեն ու փափաքը ունին։ Հայը ոչ մէկը ունի, ոչ միւսը»։ 
Սուրէնին բերնով նոյնինքն հեղինակը՝ Շահնուրն է որ կը խօսի։ Փաստը՝ ան շրջան մը գրեց ֆրանսերէն, տպուեցաւ ու ֆրանսական գրական մրցանակներու արժանացաւ՝ Արմէն Լիւպէն անունով։ Թէկուզ եւ չափազանցուած, բայց խօսքին մէջ կայ ճշմարտութիւն նաեւ մե՛ր օրերուն համար։ Իսկ ինչի՞ կ’արժանանային հայ գրողները՝ չքաւորութեան, նեղմիտ, նախանձ ու չարակամ մարդոց վայրահաջութեանց ու բանսարկութիւններուն։
Րաֆֆին բնաւ նուազ տաղանդ չէ, քան բարեկեցիկ ապրող բախտաւոր Հիւկօ մը, որ իր հռչակէն հարբած՝ կ’առաջարկէր, ոչ աւելի, ոչ պակաս…Փարիզը իր անունով վերակոչել։ Նոյն ատեն Րաֆֆի, Պարոնեան, Պատկանեան եւ ուրիշ շատեր ոչ միայն չէին գնահատուիր արժանւոյն, այլ ոչինչ մարդոց ծաղրի ու հալածանքի տակ կ’ըլլային յաճախ։ Անոնք, արհամարհելով անձնական բարեկեցութիւն, պարտքերու տակ, կիսանօթի գոյութիւն կը քաշքշէին ու … կը շարունակէին ապերախտ ազգը լուսաւորելու համար տքնիլ տիւ ու գիշեր։
Առաւել՝ ազգային ճակատագիրի ծանրագոյն բեռը շալկած հայ գրողը յաճախ իր տաղանդը խեղդած է զուտ ազգային հարցերու սահմաններու մէջ։ Այդ պայմաններուն տակ եկո՛ւր ու բարձրագոյն, փիլիսոփայական, տիեզերական հարցեր քննարկէ…
Անոնք ալ որ մեծ թռիչքներ ընել փորձեցին՝ աշխարհին ներկայացուելու համար անհրաժեշտ յենարանը չունեցան։
* * *
Բանաստեղծը ծերացել է,
Թունդ մրրիկը որ անցել է,
Հետք է թողել լայն ճակատին.
Եւ աչքերում աստուածային
Կայծը դարձեալ ցոլանում է, 
Բայց նա, կարծես, սլանում է
Դէպի երկինք, կամքով որի 
Իջաւ երկիր՝ ոգեւորի։
Յ. Թումանեան
Գրողի մը ստեղծագործութիւնը լաւ հասկնալու համար աւելորդ չէ անոր ապրած ժամանակաշրջանի ազգային պատմութեան տեղեակ ըլլալը, իսկ հայ դասական գրողներու պարագային գրեթէ անհրաժեշտ է ճակատագրական 19-րդ դարու եւ 20-րդի առաջին կէսի հայոց պատմութեան իմացութիւնը։ Այդ տրամաբանութեամբ շարժելով, այս յօդուածաշարին մէջ, պիտի չխուսափինք կարճ շեղումներէ կամ յաւելեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւններէ։
Պատկանեան գրական ասպարէզ մտաւ 19-րդ դարու կէսերուն, երբ մեր հայրենիքի տարածքներուն կը տիրէին երկու կայսրութիւնները՝ Ռուսիա եւ Թուրքիա, հաւասարպէս նպատակ հետապնդելով հայութեան լիովին մոռացութեան տալ հայրենիք գաղափարն իսկ, մէկը՝ կարմիր, միւսը՝ ճերմակ ջարդերով։ Սակայն մասնատուած, ցրուած հայութիւնը արդէն սկսած էր դանդաղօրէն արթննալ իր դարաւոր նիրհէն։ Հեռաւոր Հնդկաստանի գաղութէն Մովսէս Բաղրամեանին ձայնը հասած էր, որ, առաջիններէն մին ըլլալով, զինեալ պայքարի կը կոչէր հայութիւնը եւ կ’ըսէր. «Պէտք է որ ազգին մէկ մասը միւսին համար իր գլուխը դնէր, քան թէ թոյլ տար որ ամբողջ ազգը ծառայ ու ստրուկ դառնար օտարին»(1772թ.)։
Խ.Աբովեան իր «Վէրք»ին մէջ ազգին կը յուշէր.
Խելքդ ժողովես, լինիս կտրիճ հայ, 
Ռուսաց հզօր, քաջ ձեռի տակին
Փոքր դինջանաս ու քո աշխարքին
Մուղայիթ կենաս, արիւնդ թափես,
Քո ազգը պահես, քեզ անուն հանես։
Երկու լուսաճառագ հոգեւորականներ՝ Հայր Ալիշան ու Հայոց Հայրիկը՝ Խրիմեան, գրիչը զէնք ըրած՝ ազատագրութեան շեփորը կը հնչեցնէին ու կը խանդավառէին արժանապատուութիւն ունեցող հայ երիտասարդները։ Ֆիտայական շարժումին առաջին կայծերը կը բոցկլտային։ Ու բնականօրէն, այդ կայծերը կրակի վերածել, տակաւին թմրած ու քնացած բազմութիւնները արթնցնել պէտք էր։ Այդ սրբազան պարտականութիւնը՝ զինեալ պայքարով սեփական հայրենիքին տէրը դառնալու գաղափարը սերմանելու դերը կը ստանձնէին բանաստեղծները՝ երկրի երկու հատուածներուն մէջ ալ։
Հայոց ազգային Զարթօնքի մեծագոյն երախտաւորներէն մին ըլլալու կոչուած էր Պատկանեան, մեր ազգային ազատագրութեան պայքարի շեփորահարը եւ հնոցապանը։
(շար. 1)
Լալա Միսկարեան-Մինասեան