Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, տնօրինութեամբ Կրօնական Ժողովին եւ հսկողութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին, անցնող ամսուան մէջ ընթացք առաւ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամառնային դասընթացքը, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի յարկէն ներս, շուրջ 167 աշակերտներու մասնակցութեամբ:
Աշակերտները իրենց ամառնային արձակուրդի ազատ ժամերը անցուցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հարուստ ժառանգութենէն շարականներ եւ աղօթքներ սորվելով եւ Ամենակալին փառաբանելով: Հալէպահայութեան համար ուրախութիւն էր Երեքշաբթի օրերը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեսնել մեր փոքրիկներուն մեծաթիւ մասնակցութիւնը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին:
Արդարեւ, Երեքշաբթի 7 Յուլիս 2020-ին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի սաները իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որմէ ետք եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամառնային դասընթացքի փակման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արժանապատիւ քահանայ հայրերուն, Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն:
Աշակերտները ներկայացուցին հոգեւոր բնոյթի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Օրուան հանդիսավարն էր երէցկին Սեդա Շաքարեան-Զերենցեան: Խումբ մը աշակերտներ բացման խօսքին ընդմէջէն ամփոփ կերպով արտայայտեցին Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամառնային դասընթացքին իրենց անցուցած օրերուն մասին եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, քահանայ հայրերուն եւ ուսուցչուհիներուն: Աշակերտները հոգեպարար կերպով յաջորդաբար ներկայացուցին «Աստուածածին Երկնային», «Աղօթելը Շնորհք Մըն Է», «Ով Մեծ Պահապան» եւ «Ոսկեծղիկ» երգերը, սուրբ գրային ոսկի համարներ, Սաղմոս 121-ը, Սուրբ Հոգիի պտուղները եւ ամէնօրեայ փունջ մը աղօթքներ՝ առաւօտեան, կէսօրուան եւ քնանալէ առաջուան:
Կարճ ժամանակի մէջ քահանայ հօր եւ օրդ. Լուսիա Պանտաքի ջանքերով կազմուած աշակերտական նուագախումբը տպաւորիչ կատարումով ներկայացուց «Տէր Ողորմեա»ն: Աշակերտները «Ի Վեհ Բարձանց Սուրբ Սիոնի» հայրապետական մաղթերգը երգելով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, շնորհաւորելով նորին սրբութեան գահակալութեան 25-ամեակը:
Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան խօսք առնելով Կիրակնօրեայ Դպրոցի մեծ ընտանիքին հոգեւոր ցնծութիւնը արտայայտեց, երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Կրօնական Ժողովի քահանայ հայրերուն իրենց յարատեւ քաջալերանքին համար: Քահանայ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, բարեսիրական հաստատութիւններուն, կամաւոր ուսուցչական կազմին, երաժշտութեան ուսուցչուհիին եւ ծնողներուն: Տէր Զարեհ մաղթեց, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աւարտին ծնողները շարունակեն իրենց զաւակները դէպի եկեղեցի առաջնորդեն, որպէսզի Կիրակնօրեայ Դպրոցէն ներս իրենց սորված հոգեւոր սնունդը արդիւնաւորուի:
Աւարտին, սրբազան հայրը իր հայրական պատգամին ընդմէջէն ողջունեց մեծաթիւ ներկայութիւնը ծնողներուն, որոնք եկած էին Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ Աստուծոյ պատգամով լիցքաւորուելու: Խօսքը ուղղելով փոքրիկներուն, իր հայրական յորդորները փոխանցեց անոնց մնալու հարազատ զաւակները Հայ Եկեղեցւոյ՝ Աստուծոյ պատգամներուն եւ մեր եկեղեցական ժառանգութիւններուն նկատմամբ նոյն հաւատարմութիւնը ունենալով:
Սրբազան հայրը կարեւորեց Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները ուղղել Աստուածաշունչը ընթերցելու եւ Աստուծոյ տունը յաճախելու՝ լսելու համար Աստուծոյ խօսքը եւ հեռու մնալու աշխարհի խաբուսիկ երեւոյթներէն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ընդհ. Տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմի հետեւողական աշխատանքը: Մասիս Եպիսկոպոս աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած օրհնեց սուրիական հայրենիքը եւ անոր մէջ գործող մեր ազգային-եկեղեցական կառոյցները, մեր ծնողները, երիտասարդները եւ նոր սերունդի զաւակները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, ներկաներուն երգեցողութեամբ եւ աշակերտական նուագախումբի կատարողութեամբ:
Փոքրիկները հիւրասիրութիւն ստանալով իրենց տուները վերադարձան, վերամուտին դարձեալ Կիրակնօրեայ Դպրոցին շուրջ համախմբուելու յոյսով:
Մարինա Պօղիկեան