ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Հայկական կազմակերպութիւններու միութիւնը Ամսթրտամի մէջ Ատրպէճանի դեսպանատան առջեւ ` ընդդէմ հայ-ատրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանին, Տաւուշի ուղղութեամբ 12 Յուլիսին իրականացուող ատրպէյճանական սադրանքներուն, բողոքի ցոյց կազմակերպած է: Երիտասարդները Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ եկած էին հայկական դրօշներով եւ պաստառներով, անոնք երգեցին ՀՀ քայլերգը, յարգեցին վերջին օրերուընթացքին Տաւուշի մէջ նահատակուած 4 զինուորական ծառայողներու յիշատակը: