Ծիրանի հայրենիքը հիւսիսարեւելեան Հայաստանն է։ Հայաստանի մէջ ծիրանը տարածուած է հնագոյն ժամանակներէն։
– Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին աքքատացիներնը զայն կը կոչէին «արմանու» «արմանական», այսինքն՝ «հայկական», իսկ Հայաստանը՝ Արմանի «ծիրանի երկիր»։
– Միջագետքի հնագոյն բնակիչները՝ արամեացիները (քաղդէացիները) ծիրանի ծառը կը կոչէին «խազուրա արմէնայա» «հայկական խնձորենի»։
– Արաբերէնով ծիրանի անուններէն մէկն է «թուֆահ ալ արմանի», որ կը նշանակէ «հայկական խնձոր»։
– Ք.ա. 1-ին դարուն հռոմէացի զօրավար Լուկուլլոս, վերադառնալով հայոց արքա Տիգրան Մեծի դէմ մղուող պատերազմէն, Հայաստանէն Հռոմ տարաւ ծիրանենիի տնկիներ, որոնք այնտեղ մշակել տուաւ եւ անուանեց «Հայկական սալոր»։ 18-րդ դարու խոշորագոյն բուսաբան Ժան Փաթիստ Լամարկ նկատեց, որ ատիկա ոչ թէ սալոր է, այլ նոր ցեղի ներկայացուցիչ, ուստի զայն անուանեց Armeniaca Vulgaris։
– Հայկական ծիրանի համբաւով օտարները Հայաստանը կ’անուանեն ծիրանի երկիր։
– Ձգտելով ժխտել այժմու Թուրքիոյ տարածքներուն ժամանակին հայկական եղած ըլլալու իրականութիւնը, թուրք գիտնականներ բազմիցս փորձած են ծիրանի գիտական անուանումէն հանել «հայկական» բառը։ Մասնաւորապէս, 1972-ին Լենինկրատի մէջ տեղի ունեցած 12-րդ Բուսաբանական Խորհրդաժողովին անոնք նոյնիսկ փորձած են փոխել ընդունուած լատինական անուանումը սելճուկեան ինչ-որ անուանումով մը, սակայն խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէն վճռականապէս մերժուած է իրենց առաջարկը։
Ծիրանին օգտակար յատկութիւնները
Ճաշելէ առաջ մէկ-երկու ծիրան կերէք ձեր մարսողութիւնը խթանելու համար: Ծիրանին պարունակած ալքալիները կը չէզոքացնեն թթուները, իսկ իր լուծողական յատկութեան շնորհիւ՝ անիկա աղիքներէն կը մաքրէ պատերուն փակած անցանկալի մնացորդները:
Ծիրանը կը պայքարի նաեւ սակաւարիւնութեան դէմ: Այս համեղ պտուղը երկաթի հարուստ աղբիւր է, ինչ որ կ’օգնէ պայքարելու սակաւարիւնութեան դէմ:
Ծիրանը լուծողական է նաեւ: Փորկապութեան պարագային, թարմ կամ չոր ծիրան կերէք, եւ շատ արագ կը լուծուի ձեր պնդութեան հարցը: Կարելի է չոր ծիրանը կտրտել, թրջել եւ հիւթը խմել:
Շնորհիւ իր պարունակած կենսանիւթերուն եւ հանքայիններուն ծիրանի յաճախակի օգտագործումը մորթը կը պահէ առողջ, ողորկ եւ փայլուն:
Թելադրելի է, որ յղի կիները եւ կաթ տուող մայրերը տուրմն ու քաղցրաւենիները փոխարինեն ծիրանով, քանի որ անիկա աւելի սննդարար է եւ առողջապահական: Սակայն պէտք չէ չարաշահել:
Ծիրանը կը կարգաւորէ նաեւ սրտին աշխատանքը: Դարձեալ շնորհիւ իր հարուստ բաղադրիչներուն՝ օրական քանի մը թարմ կամ չոր ծիրան ուտելը կը նպաստէ սրտանօթային համակարգի լաւ գործունէութեան:
Ա. կենսանիւթով հարուստ ծիրանը կը պահպանէ նաեւ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ քաթարաքթէ եւ այլ հիւանդութիւններէ: Ա. կեսանիւթը ոչ միայն տեսողութեան համար ամէնէն անհրաժեշտ կենսանիւթերէն է, այլ նաեւ հզօր անթիօքսիտան է: Ծիրանը կը պարունակէ մեծ քանակով փոթասիում եւ շատ քիչ աղ, քան՝ պանանը եւ կ’օգնէ արեան ճնշման կայունացման:
Օգտուինք ծիրանին բարիքներէն: Անով փոխարինենք վնասակար քաղցրեղէնը: