«Երկիր».-25 Յուլիսին Ռուսիոյ Քրասնոտարի երկրամասի Արմաւիր քաղաքին մէջ` Ռուսիոյ Հայերու Միութեան Արմաւիր Մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցած է հայ եւ ատրպէյճանական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:
Հանդիպումին մասնակիցները դատապարտած են Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները եւ հասած են այն միասնական եզրակացութեան, որ ոչ մէկ պարագայի կարելի չէ սադրանքներու ենթարկուիլ, եւ անհրաժեշտ է միատեղ ջանքերով Արմաւիրի մէջ խաղաղութիւն ու ներդաշնակութիւն պահպանել:
Համայնքներուն ներկայացուցիչները համաձայնած են մշտական կապի մէջ մնալ` որեւէ տեսակի սադրանք բացառելու համար:
Հանդիպումի աւարտին ատրպէյճանական կողմը շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքին հանդիպումը կազմակերպելու կարելիութեան համար: