Հալէպահայ կամաւոր ծառայող երիտասարդներուն մղիչ ուժը հաւատքն է, դարբնոցը՝ կազմակերպուած, կամաւոր աշխատանքի մշակոյթը պահպանող հալէպահայ միութիւնները։

Այս երիտասարդներուն հաւատքի արտայայտութիւնը՝ նուիրումն է, կարգախօսը՝ հաւաքական աշխատանքով համայնքի աշխոյժ կեանքին պահպանումը, սնունդը՝ Քրիստափորներու միտքը, Ռոստոմներու կամքը եւ Զաւարեաններու խիղճը։

Աշխատանքին ու իրենց նպատակին հանդէպ անոնք հաւատք կը տածեն ու այդ հաւատքը գործի կը վերածեն՝ ընդելուզուելով մէկ ընտանիքի մէջ՝ հալէպահայ կամաւոր ծառայող երիտասարդներու ընտանիքին։

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի թեկնածուին նախընտրական քարոզարշաւն ու այլ աշխատանքները վստահուած էր այս տղոց ու աղջիկներուն, որոնք կու գային Սուրիահայ Երիտասարդական Միութեան, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ․ Միութեան շարքերէն։ Անոնք ստանձնեցին պատասխանատուութիւն թելադրող տարբեր գործեր՝ նախընտրական ժողովրդային հաւաքի կազմակերպումէն մինչեւ քարոզարշաւի մասնակցութիւն, ժողովուրդին մօտ քուէարկութեան մասնակցութեան կարեւորութեան շեշտադրումէն մինչեւ քուէարկողներրը հանրակառքերով քուէատուփեր առաջնորդելու պատրաստակամութիւն, ընտրական տարբեր տեղամասերու քուէարկութեան սնտուկներու հսկողութենէն մինչեւ ընտրական կազմակերպչական աշխատանքներու օժանդակութիւն։

Աւելի քան չորս հարիւր երիտասարդներ, նօսրացած համարուող մեր համայնքին մէջ, անգնահատելի աշխատանք տարին, արժանանալով հայ եւ օտարազգի տեղացիներու գնահատանքին։ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, երկրին ու ժողովուրդին դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւնները չընկճեցին զիրենք, գիշեր-ցերեկ պատրաստ էին աշխատելու՝ հաւաքական շահին ծառայելու միակ ակնկալութեամբ եւ գոհունակութեամբ։
Անոնք յուսահատ հոգիներուն յոյս ներշնչեցին, միգամած հորիզոններուն ծիածան կապեցին ու գործին, նպատակասլաց գործին կարեւորութիւնը անգամ մը եւս շեշտադրեցին։

Ձեր վարձքը կատա՛ր, սիրելի տղաք ու աղջիկներ։