«Արմէնփրէս».- Քանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը յայտնած է, որ Քանատայի մէջ բախումներ տեղի ունեցած եբ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ:
«1 Օգոստոսին Թորոնթոյի մէջ` ժամը 22։30-ի սահմաններուն, բախումներ տեղի ունեցած են հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ: Դեսպանութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմին սադրանքներ իրականացնելու եւ բախումներ հրահրելու քաղաքականութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Դեսպանութիւնը կրկին կոչ ուղղած է զգօնութիւն ցուցաբերելու եւ չտարուելու սադրանքներով:
Հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ վերջին շրջանին դէպքեր արձանագրուած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ: Դէպքերը սկսած են 12-20 Յուլիսին Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի սահմանին Տաւուշի ուղղութեամբ սանձազերծած գործողութիւններու աւարտէն ետք: