«Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղեց Հայաստանի եզիտի համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ Սինճարի մէջ իրականացած ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով:
«Այսօր մենք կ’ոգեկոչենք վեց տարի առաջ եզիտի ժողովուրդին հանդէպ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէն Սինճարի մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան տարելիցը: Յիրաւի, այն ողբերգութիւնը, որ տեղի ունեցած է եզիտի ժողովուրդին հետ, զազրելի յանցագործութիւն է ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակիրթ աշխարհին: Կը բաժնեկցինք ձեր ցաւը եւ անկեղծ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզ:
«Հայաստանի եզիտի համայնքին, եզիտի բոլոր ընտանիքներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն ու ոգիի արիութիւն: Որպէս սփոփանք միշտ գիտակցեցէք, որ հայրենիքի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դուք ունիք ապահով եւ պաշտպանուած ապագայ եւ յառաջընթացի լայն ասպարէզ», ուղերձին մէջ կ՛ըսէ Փաշինեան: