Քանի մը ժամ առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առիթով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունին յղեց հեռագիր մը, ուր յայտնեց. «Իմ եւ համայն Սուրիոյ ժողովուրդին անունով խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնենք Լիբանանի ժողովուրդին, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին առիթով, որուն հետեւանքով մարդկային զոհեր եւ նիւթական ահաւոր վնասներ արձանագրուեցան։ Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն։ Այս աղէտալի դէպքը իսկապէս ցնցեց մեզ, սակայն մենք վստահ ենք, որ պիտի շրջանցէք այս փորձանքը եւ շուտով վերականգնումի լծուիք»։
Նախագահ Ասատ եզրափակելով շեշտեց, որ Սուրիան պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ բարեկամ Լիբանանին եւ Լիբանանի ժողովուրդին։