Այսօր, նոր միայն կը զգանք ահագնութիւնը աղէտին։ Նոր միայն կ’արթննանք եւ մենք մեզ – անգամ մը եւս – կը գտնենք սահմռկեցուցիչ իրականութեան առջեւ։ Հաստատուած իրողութիւն է, որ միշտ ալ կան եւ պիտի ըլլան դաւադիր ձեռքեր, որոնք այս սուրբ հողը պիտի վերածեն գեհենի։ Եւ այս մէկը՝ առաջին հերթին՝ երկրի ամէնէն օրինապահ, ամէնէն ստեղծագործ, ամէնէն անօգնական քաղաքացիներու գոյութիւնը ճակատագրելով։ Անոնց գլխուն վրայէն` խաղալով այս անասնական խա՛ղը։ Միջին Արեւելեան տարածաշրջանը քաոսի մէջ նետող մեծապետական շահերու դաժան սարդոստա՛յն մը ՝ որ իր ցանցերուն մէջ բռնած է կեանքը ամէնօրեայ մարդուն։ Կեանքը անո՛ր՝ որ տաժանագին աշխատանքով կը ջանայ ծայրը ծայրին բերել յաւերժօրէն անհամատեղելի այս գոյութենական գրաւը։ Կը ջանայ հոգա՛լ — ինչպիսի՜ հերոսութեամբ – իր ընտանիքի համեստ առօրեան, հոգալ իր զաւակներուն ներկան եւ ապագան, ապրիլ արժանավայել կեանքով։

Մասնագիտական երկար քննարկումներու բովէն պիտի անցնի հրէշային այս պայթիւնը հասնելու համար քաղաքական ճշգրիտ գնահատականի մը, եթէ անշուշտ իրավիճակը մինչ այդ աւելի չպղտորի եւ աւելի խուճապային չդառնայ։

Լիբանանը մեր հոգեւոր խարիսխն է։ Մեր կեանքը պատուհասող ցեղասպանական նախճիրը մենք առաջին անգամ հոս է, որ պարտութեան մատնեցինք։ Հոս է, որ մեր սերունդները հասակ առին յստակ ինքնագիտակցութեամբ։ Հոս է, որ մեր ոտքերը դրինք հողին ու հաւատացինք, որ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն մենք պիտի կրնանք կերտել ապագան։ Ամէն այլ տեղ, Սփիւռքը կը ճնշէր մեր ուսերուն։ Ամէն այլ տեղ, մենք կ’ապրէինք բարգաւաճութեամբ եւ վախով։ Հոգեպարար Ժողովրդավարութեամբ եւ վախով։ Անհուն երջանկաւէտութեամբ եւ վախով։ Լիբանանի ասպնջական հողին վրայ էր, որ մենք յաղթահարեցինք Սփիւռքի էութիւնը տնօրինող այդ վախի զգացումը։ Ապրի՛լ առանց վախի…Ասիկա հայրենախարիսխ մարդուն հարստութիւնն է եւ Լիբանանի հարազատ հողը մեր սերունդները օժտեց այդ հրաշալի հարստութեամբ, որուն համար մենք մինչեւ երկինք պարտական ենք այս փոքր, այս վիրաւոր, այս հպարտ հայրենիքին։

Բայց եկած են համաշխարհային արհաւիրքի այն օրերը, երբ գրեթէ ամէն երկիր կորսնցուցած է իր ինքնավստահութիւնը։ Աշխարհ կ’ապրի պառակտուած իրականութեամբ։ Կ’ապրի կասկածով, յուսախաբութեամբ, հիասթափութեամբ։ Եւ դժբախտաբար Լիբանանն ալ այսօր -եւ արդէն քանի՜տարիէ ի վեր – անմասն չէ քաոսային այս հոգեվիճակէն։ Մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու ժամանակն է նաեւ Լիբանանի ժողովուրդին համար, որուն անքակտելի մասն է լիբանահայ մեր համայնքը։ Տասնամեակները ցոյց տուին, որ մեր ժողովուրդը տէրն է իր պարտաւորութիւններուն։ Վստահ եղէք, որ լիբանահայ կեանքի մեր ղեկավարութիւնը այս անգամ եւս պիտի գործէ պատմական պահու յստակ գիտակցութեամբ։ Ժամանակն է յիշելու բոլոր ժամանակներու մեր անզուգական ուսուցիչ Զօր. Դրոյի պարզ ու խիզախ բանաձեւը…Երբ ծանր էին օրերը եւ կը հասնէր եզրափակման վճռական րոպէն, կը հնչէր իր խարազանող ձայնը՝ «Ոչ ամերիկացին, ոչ անգլիացին, ոչ ռուսը եւ ոչ թուրքը»…Մեր օրակարգը պիտի ճշտենք ՄԵՆՔ եւ ոչ՝ ուրիշը մեզի համար։

Ասիկա եղած է մեր արծուեբոյնը յատկանշող ուժականութիւնը։ Այս է իսկական քաղաքական իմաստութիւնը։ Եւ տարբեր պիտի չըլլայ պարագան նաեւ այսօր։

Այսօր աւերածութիւնները մաքրելու շտապ օգնութեան վայրկեանն է։ Մեր ազգային բոլոր կառոյցները – եւ առաջին հերթին՝ Դաշնակցութի՛ւնը – պիտի գլխաւորեն անհրաժեշտ զօրաշարժը եւ արագօրէն վերականգնեն մեր հաւաքական շէնքը։ Բայց նաեւ բոլորով պիտի պատրաստուինք վաղուան համար։ Լիբանանն ու Հայաստանը ճակատագրուած են ըլլալու փոխսնուցիչ պետականութիւններ։ Լիբանանը մեր ազգային լինելիութեան -ներառեալ՝ մեր անկախ պետականութեա՛ն – ռազմավարական բանալի կռուանն է։ Հայ անկախ պետականութիւնն ու անկախ Լիբանանը կոչուած են ցկեանս դաշնակիցներ ըլլալու։ Մենք կը գտնուինք այս բանալի առաքելութեան սկզբնական փուլին մէջ։ Մեծ գործ մը կը սպասէ մեզի եւ այդ գործին ճիշդ իմացաւորումն է, որ պիտի պայմանաւորէ այդ միասնական առաքելութեան պատմական ճանապարհը…

Կարօ Արմէնեան

Օգոստոս 5, 2020