«Երկիր».- 6 Օգոստոսին Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, որ միջազգային մասնագէտներ պէտք է հրաւիրուին Լիբանան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած հուժկու պայթումին համար անկախ հետաքննութեան համար:

«Լիբանանի իշխանութիւնները պէտք Է հրաւիրեն միջազգային փորձագէտներու Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հանգամանքներուն անկախ հետաքննութեան համար, պայթում , որ աւերեց քաղաքը», յայտնած են իրաւապաշտպանները, մանրամասնելով, որ հետաքննութիւնը պէտք է պարզէ պատճառներն ու այն անձերըք, որո պատասխանաու են պատահածին համար, ինչպէս նաեւ յանձնարարէ միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի նման բան չկրկնուի:
Միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ անկախ հետաքննութիւն, ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, լաւագոյն երաշխիքն Է , որ ողբերգութեան պատճառներու պարզաբանումը պիտի կատարուի անաչառօրէն:

«Այդ պայթիւնի աւերիչ հետեւանքները Լիբանանի բնակիչները կը զգան տակաւին երկար տարիներ: Միջազգային փորձագէտները եւ միջազգային տնտեսական աջակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենան, որ հետաքննութիւնը ըլլայ ազատ քաղաքական միջամտութենէն, իսկ տուժածները ստանան անհրաժեշտ օգնութիւն», յայտնած է Human Rights Watch-ի ներկայացուցիչ Այա Մաճզուպ: