2002 թուականը Թուրքիոյ հանրապետութեան համար բեկումնայից տարի մը հանդիսացաւ: Իշխանութեան եկաւ այսպէս կոչուած «չափաւոր իսլամիստներ» կոչուած թայֆան ՝համայնքը։ 1994-1998 թուականներուն Պոլսոյ նահանգապետ Ռեճէպ Թաիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ. իշխանութեան եկած սոյն վերնախաւի հիմնական խոստումն էր ապահովել Թուրքիոյ տնտեսական կայուն աճը եւ ազգային լիրայի արժոյթին կայունութիւն:

Զուտ տնտեսական գործօնը չափազանց գրաւիչ էր թուրք ժողովուրդին համար: Սկզբնական շրջանին բաւական տպաւորիչ էր թրքական լիրայէն վեց զերոներու  ջնջումը, անշուշտ, ոչ առանց ԱՄՆ-ի անմիջական եւ ազդու օրհնութեանն ու միջամտութեանը, ինչ որ մեծ յոյս ներշնչեց տնտեսութեան առողջացման ուղղութեամբ:

Տպաւորութիւնը աւելի ուժեղացնելու նպատակաւ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը դիմեց ուրիշ աւելի խորամանկ հնարքի` ըսելու համար, որ մենք այլեւս պարտական չենք «Արժոյթի Միջազգային Կազմակերպութեան» եւ ենթակայ չենք անոր քմահաճոյքին: ԱՄԿ-էն աւելի բարձր տոկոսադրոյթով վարկ վերցուց եւ փակեց ԱՄԿ-ի հանդէպ Թուրքիոյ ունեցած պարտքը: Այսօր սակայն, Թուրքիոյ արտաքին պարտքը անցած է 450 միլիառ տոլարի շեմը: Հարց՝ արդեօ՞ք թրքական լիրան, որ վերջերս կորսնցնելով իր արժէքի գրեթէ կէսէն աւելին, հասած է ճակատագրական այն ճամբեզրին, որմէ անդին արդէն ահռելի գահավիժում է:

Տնտեսական բաղադրիչին անդրադառնալէ առաջ, նախ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք Թուրքիոյ հանրապետութեան ներկայիս միահեծան ղեկավար Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ իր քաղաքական թիմի գործունէութեան վրայ:

«Բարօրութիւն»՝ Ռաֆահ  կուսակցութեան ծոցէն ծնած ու սնած իսլամիստական «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը իր գլխաւոր «Տնտեսական Բարօրութիւն» խոստման կողքին, նաեւ խոստացաւ արտաքին աշխարհի մէջ Թուրքիոյ վարկի  բարելաւումը՝«Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ»խորագիրով: Շնորհիւ զինք ուղղորդող ուժերու, իշխանական այս խմբակը սկզբնական շրջանին լուրջ ձեռքբերումներ ունեցաւ՝ Ասիոյ հետ սահմաններու բացում, Սուրիոյ վրայով դէպի Արաբական Ծոցի Երկիրներու հետ հսկայական առեւտրաշրջանառութիւն, զբօսաշրջութեան աշխուժացում, Եւրոմիութեան հետ ազատ առեւտուրի արտօնեալ պայմաններ, նոյնիսկ Հայաստանի հետ հաշտեցման որոշ փորձեր եւ այլն:

Բեկումնային եղաւ այսպէս կոչուած «Արաբական Գարունը», որ ջուրի երես հանեց Էրտողանի ծաւալապաշտական եւ նէո-օսմանական ձգտումները: Պատեհապաշտ Էրտողանը «Ոսկեայ առիթը» բաց չձգեց օգտագործելու եւ սանձազերծելու կրօնական ծայրայեղական շարժման ալիքը, որուն ներշնչողն ու շարժիչ ուժն էր: Կրօնական քողի ներքոյ ան ուղղորդեց դէպի նէո-օսմանիզմ եւ նէո-թուրքիզմ: Այս գործընթացը շարժման սկիզբնական տարիներուն  պատկառելի եկամուտ ապահովեց Թուրքիոյ, շնորհիւ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպ քաղաքէն թալանուած հսկայական գործարաններուն Թուրքիոյ մէջ շահարկումին, որոնց համար լումայ իսկ չէր ծախսած Թուրքիան: Թալանի սովոր թուրքը նոյնպէս փախստականները անմասն չձգեց իր յափշտակութենէն: Ասոնց կողքին անհամեմատելի մեծ գումարներ ներդրուեցան Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ՝ ի հատուցումն դէպի Սուրիա զէնք, զինամթերք եւ զինեալներ տեղափոխելուն:

Սուրիական տագնապի սկզբնական շրջանին արեւմուտքի ներդրումները Թուրքիոյ տնտեսութեան քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէին, այսպէս` Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծել հատուածապաշտ, նեղհամայնքային շահեր հետապնդող փոքրիկ պետութիւններ «Իսլամիստ Եղբայրներ»կազմակերպութեան ոճով: Սակայն 2015 թուականին, Արեւմուտքը նկատելով նշեալ ծրագիրին ձախողումը, զանց առաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ նոր ներդրումներու մուծումը: Նոյնը պատահեցաւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու պարագային, որոնք տագնապի սկիզբը չափազանց մեծ գումարներ ներդրին, սակայն այդ բոլորը ի դերեւ ելան, շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեան:

Սակայն, Էրտողանեան պատեհապաշտութիւնը սահմաններ չի ճանչնար, երկու ուղղութեամբ ալ ան կրկին դիմեց բացայայտ սպառնալիքի, նախ օգտագործելով իր քով կուտակուած սուրիացի մեծաթիւ փախստականները դէպի Եւրոպա ուղարկելու խաղաքարտը, որ սարսափեցուց եւ կեղեքեց առանց այդ ալ ծերացող եւ տնտեսական բազմաթիւ տագնապներ ապրող Եւրոպան: Նոյնը նաեւ փորձեց Սէուտական Արաբիոյ հետ, այս անգամ օգտագործելով Պոլսոյ  թղթակից Ճեմալ Խաշըքճիի սպանութիւնը, վարկաբեկելու թագաժառանգ` Մուհամետ պըն Սալմանը: Սակայն այս պարագան վերջին արարը հանդիսացաւ մէկ կողմէն Թուրքիոյ, միւս կողմէն Արաբական Ծոցի Երկիրներու եւ Եւրոպայի ապահարզանին (բացի Քաթարէն, որ Թուրքիոյ հետ կը դաւանի զօրակցիլ Իսլամական Եղբայրներ կազմակերպութեան):

Հասնելով մեր օրերը կը տեսնենք, որ Ծոցի Արաբական Երկիրներու ֆինանսական օժանդակութիւնը Թուրքիոյ առկախուած է ցնոր տնօրինում, որովհետեւ թագաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանի ձեռքն է թագաւորութեան իրողական իշխանութիւնը: Իսկ Քաթարի իշխանին կողմէ Թուրքիոյ տրուած դեղի չափաբաժինը չի կրնար մահամերձ օրկանիզմին կենսունակութիւն հաղորդել:

Այստեղ կարեւոր է Եւրոմիութեան դիրքորոշումը, որովհետեւ Թուրքիոյ ապրանքներու արտահանման 50% ը (90 միլիառ տոլար արժողութեամբ՝ 2019 թ.) բաժին կը հասնի Եւրոմիութեան երկիրներուն, եւ եթէ եւրոպացիք, մէկ կողմ դնելով իրենց ներքին անհամաձայնութիւնները, քիչ մը տոկան որոշ դժուարութիւններու դիմաց, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը անմիջապէս կը փլուզուի:

Գալով մեծերու`ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ Թուրքիոյ սիրախաղին, ըսենք, որ այդ կրկնակի սիրախաղը նոյնպէս իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ, երբ ԱՄՆ-ն յոգնելով այդ կեղծ  սիրախաղէն արեւելեան Սուրիոյ քարիւղի հանքերը յանձնեց քիւրտերուն, իսկ Ռուսաստան միշտ ալ կասկածանքով վերաբերած է Թուրքիոյ:

Այսօրուան Թուրքիան իր ներքին եւ արտաքին հարցերը լուծելու համար անցած է «Լաւագոյն պաշտպանութիւնը յարձակումն է» քաղաքականութեան եւ իր վարձկաններով կազմուած բանակը ուղարկելով` Սուրիա, իրաք,  Լիպիա եւ վերջերս Ատրպէյճանի համատեղ զօրավարժութիւններու պատրուակով՝ Անդրկովկաս. այս բոլորը իրենց հոգեբանական, ֆիզիքական անդրադարձը պիտի ունենան Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ: Թրքական ազգային արժոյթը՝լիրան, իր ամենացած մակարդակին վրայ է տոլարի հետ համեմատած, ներկայ իրավիճակով, երբ Թուրքիան հսկայական հարցեր ունի իր անմիջական եւ հեռաւոր դրացիներուն հետ` Անդրկովկասէն մինչեւ Միջերկրականի հարաւարեւմտեան ափերը, Ղրիմէն մինչեւ Սոմալ եւ նոյնիսկ Եմէն:

Ի վերջոյ Թուրքիոյ տնտեսական կեղծ բարգաւաճման փուչիկին պայթելու ժամը հասած է, եւ Թուրքիան պիտի համոզուի, որ ինք ոչ թէ զարգացած քաղաքակիրթ երկիրներու շարքին կը դասուի, այլ կռուարար, խաւարամիտ, երրորդական երկիրներու շարքի մնայուն անդամն է:

 

Բժիշկ Տիգրան Փիլաւճեան