Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Պի. Պի. Սի.»-ի HARDtalk հաղորդման ընթացքին անդրադարձած է Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն: «Արմէնփրես»ի համաձայն, Փաշինեան դիտել տուած է, որ յիշուած երկիրներէն բոլորին հետ Հայաստանը ունի տարբեր մակարդակներու, բայց շատ լաւ յարաբերութիւններ:
«Ռուսիան Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է անվտանգութեան առումով, մենք Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ ենք. միութիւն, որ ունի բացառապէս տնտեսական ուղղուածութիւն: Եւ մենք ստորագրած ենք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ: Եւ, ի դէպ, Եւրոպական Միութիւնը մեր հիմնական գործընկերն է բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման ճամբուն վրայ: Մենք բաւական արդիւնաւէտ ձեւով կը համագործակցինք ՕԹԱՆ-ի հետ եւ կը մասնակցինք ՕԹԱՆ-ի խաղաղարար առաքելութիւններուն Աֆղանիստանի, Լիբանանի, Քոսովոյի եւ Մալիի մէջ: Բացի ատկէ, մենք արդիւնաւէտ ձեւով կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմական ոլորտին մէջ», ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը յայտնած է, որ ռազմավարական գործընկերութիւն կը նշանակէ երկարաժամկէտ գործակցութիւն, սակայն Հայաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ, նոյնքան լաւ յարաբերութիւններ` Միացեալ Նահանգներուն հետ:

«Մենք հարցեր չունինք` Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններուն առնչութեամբ: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ մեր ներկայ լաւ յարաբերութիւնները պահպանելու համար», աւելցուցած է վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեան նկատել տուած է, որ միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն:

Անդրադառնալով Արցախին` վարչապետը մեկնաբանած է Ստեփանակերտի մէջ կատարած իր յայտարարութիւնը, որ «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ», նշելով, որ հազարամեակներ շարունակ Լեռնային Ղարաբաղը բնակեցուած էր բնիկ հայ ազգաբնակչութեամբ:

«Արցախ անուանումը հազարամեակներու պատմութիւն ունի: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի փաստաթուղթին մէջ չի նշուիր Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժեր: Այնտեղ նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնապաշտպանական ուժեր: Նախքան տագնապին սկիզբը, Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան 80-90 առ հարիւրը հայեր էին: Եւ փորձելով երկրամասը մաքրել հայերէ` Ատրպէյճան սկիզբ դրաւ տագնապին: Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հետ կը գտնուինք մէկ ընդհանուր անվտանգութեան տարածքի մէջ», դիտել տուած է Փաշինեան: