«Արմէնփրէս».Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 Օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:
Հանդիպումին որուն կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան եւ ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան պետ Աշոտ Զաքարեան, քննարկուած են բանակաշինութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Երկուստէք կարեւոր համարուած է պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Արցախի ու Հայաստանի փոխգործակցութիւնը, որպէս տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւոր նախապայմաններէն մէկը: