«Երկիր».-Սեպտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Կովկաս-2020» միջազգային զօրավարժութիւններուն Ատրպէյճան պիտի չմասնակցի: Դիտորդի կարգավիճակով 2 զինուորական ծառայող պիտի ներգրաւուին այդ վարժութիւններուն մէջ:
Աւելի ուշ, զօրավարժութիւններուն չմասնակցելու մասին յայտարարած էր նաեւ Հնդկաստանը, պատճառաբանելով համավարակի պայմաններուն մէջ ծագած հարցերն ու անոնց հետեւանքերը: Հնդկաստան նախատեսած էր զօրավարժութիւններուն ներկայանալ 200 զինուորական ծառայողով:
Ըստ աղբիւրին, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէյկօն նախապէս յայտնած էր, որ Շանհայի գործակցութեան կազմակերպութեան, ՀԱՊԿ եւ ԱՊՀ երկիրներու Պ
պաշտպանութեան նախարարները համաձայնած են ընդլայնել գործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Առաջին միատեղ զօրավարժութիւնները նախատեսուած էր կատարուին «Կովկաս 2020»-ինխ ծրագիրով: