2012-ին, երբ ընկերներուս մեծամասնութիւնը գաղթեց, կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս պիտի հանդիպինք յաջորդ անգամ, կամ ի՞նչը պիտի ըլլար մեր վերամիաւորումին պատճառը եւ առիթը։
Ամէն նոր տարի, ժամացոյցի առաջին զարկերուն հետ երազանք կը պահէի Հայաստան երթալու եւ ընկերներս տեսնելու համար, (անկասկած Հայաստանը պիտի ըլլար մեր հաւաքավայրը), բայց ամէն տարի այդ երազը կը մնար օդին մէջ կախուած։ Ութը տարի այս երազով ապրեցայ։ Իւրաքանչիւր տարի կ’ըսէի, «Չէ՜, այս տարի անպայման պիտի երթամ Հայաստան,»  բայց ապարդիւն։
Համացանցային խմբակի միջոցով ընկերներով միշտ կապի մէջ էինք։ 2020-ի Ամանորին զիրար շնորհաւորած ատեն միտք մը յառաջացաւ՝ (վաղեմի երազանքս) Հայաստան հաւաքուիլ եւ վերամիաւորուիլ։ Այնքա՜ն ոգեւորուած կը խօսէինք, ինչե՜ր պիտի ընէինք, նոյնիսկ ընկերներէս ոմանք օդանաւի տոմսը արդէն ապահոված էին։
Վրայ հասաւ պսակաձեւ ժահրը, եւ մեր յոյսերը յօդս ցնդեցան։
Բայց մենք վճռած էինք այս տարի անպայման տեսնուիլ, ու ինչպէս երգը կ’ըսէ՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»։ 
Այսպէս, 10 Յունիս 2020-ին մեր վեցերորդ դասարանի աւարտական հանդէսէն ճիշդ ութը տարի ետք, կրկին հանդիպեցանք։ Ցաւօք բոլորը չկրցան մասնակցիլ՝ իրենց աշխարհագրական դիրքին պատճառով, անոնց բացակայութիւնը շատ զգալի էր։
Բայց միատեղ ջանքերով կրցանք առցանց հանդիպում մը կազմակերպել։
Հանդիպումը ընթացաւ շատ ջերմ եւ մտերմիկ, կարծես դեռ երէկ միասին էինք։ Կային ընկերներ, որոնց հետ կապս մինչեւ վերջ պահած էի, կային ընկերներ, որոնք միայն նկարներով տեսած էի եւ ընկերներ, որոնք ո՛չ տեսած էի, ոչ ալ իրենց հետ կապ հաստատած։
«Բարեւ, ինչպէ՞ս էք, ո՞ւր հասաք» էն ետք սկսանք յիշել մեր մանկութիւնը, դպրոցը, ուսուցիչները, մեր չարաճճիութիւնները…։ Յիշեցինք, թէ ինչպէ՛ս համեմներու խառնուրդը (տաան) թմրանիւթի պէս կը պահէինք եւ գաղտնօրէն կ’ուտէինք, յիշեցինք, թէ ինչպէ՛ս գաղտնի թապպէ կը խաղայինք (երկու գունաւոր քարտ գոց վիճակի մէջ իրարու վրայ դնելով կը զարնէինք եւ ան որ յաջողէր երկու քարտերը դարձնել, կը յաղթէր), յիշեցինք , եւ ինչպէ՛ս կրնայինք չյիշել, մեր հանդէսը։ Շատերը այդ օր վերջին անգամ տեսայ եւ այսպէս շարան մը յիշողութիւններ։ Խօսեցանք ամէն ինչի մասին, բառիս բուն իմաստով ամէն ինչի։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ութը տարի զիրար չտեսած ընկերներ առցանց հաւաքուին եւ այդ հաւաքին ընթացքին խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի մասին։ Այս բոլորը շնորհիւ մեր հայերէնաւանդ ուսուցիչներու տքնաջան աշխատանքին։ Այո՛, կարծիքներու բախում եղաւ Ցեղասպանութեան պատճառներուն շուրջ , տարբեր մտածելակերպեր մէջտեղ եկան, բայց այս մէկը բնական էր։ Բնական չէր ըլլար, եթէ միանման մտածէինք ու կարծիքներու բախում չըլլար։
Բաւական երկար խօսեցանք, առինք-տուինք։ Ութը տարուան կարօտը յագեցուցինք, բայց խոստացանք այսպիսի հանդիպումներ յաճախ կրկնել եւ պահել մեր հաղորդակցական կապը։
Վեհան Պարսումեան