«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան մէջ տակաւին վերջնականօրէն չեն որոշած` երբ տեղի պիտի ունենայ Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարած հանրահաւաքը:
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իւետա Տօնոյեան Aysor.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ, թէ հանրահաւաքի ժամկէտի մասին պիտի յայտարարեն, երբ Գագիկ Ծառուկեան կ’աւարտէ մարզային հանդիպումները:
«Հանրահաւաքի որոշակի ժամկէտ այս պահուն տակաւին չեմ կրնար նշել, որովհետեւ Գագիկ Ծառուկեան հանրապետութեան բոլոր մարզերու մէջ հանդիպումներու շարք կը կատարէ, կը քննարկուին բոլոր այն մտահոգութիւնները, որոնք ազգաբնակչութիւնը ներկայացուցած է կուսակցութեան տարածքային գրասենեակներ ու գործող ներկայացուցիչներուն: Երբ որ հանդիպումներու շարքը կ’աւարտի, այն ժամանակ կը ձեւաւորուի հանրահաւաքի օրակարգն ու յստակ ժամկէտները», ըսաւ Տօնոյեան:
«Հայրենիք» ու ՀՅԴ կուսակցութիւններուն հետ միասնական ներկայանալուն, Իւետա Տօնոյեան ըսաւ, որ «Հայրենիք»-ին ու ՀՅԴ-ին հետ շատ աշխոյժ կը գործակցին, որեւէ հարց եռեակի ձեւաչափով չկայ:
«Ես որեւէ պարագային չեմ բացառեր, որ եռեակի մեր գործընկերները միասնական օրակարգով պիտի ըլլան մեր կողքին», յայտնեց ան:
Թէ ինչ օրակարգով է ԲՀԿ-ն հրաւիրելու հանրահաւաքը, ԱԺ պատգամաւորը ըսաւ, որ այս պահուն բազմաթիւ հարցեր արդէն կան բարձրացուած, որոնք ներառուած ըլլալու են հանրահաւաքի օրակարգին:
«Մասնաւորապէս, կրթական չափորոշիչներուն հետ կապուած հարցերը, ինչպէս նաեւ թէ՛ գիւղատնտեսութեան, թէ՛ առողջապահութեան հետ կապուած հարցերու մասին բարձրաձայնած են մեր հայրենակիցները, բայց ես չեմ բացառեր, որ խնդիրներու շարքը առաւել ընդգրկուն պիտի ըլլայ հանրահաւաքին», աւելցուց Իւետա Տօնոյեան:
«Հայրենիք» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Արսէն Պապայան Aysor.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, թէ հանրահաւաքին միասնական ներկայանալու մասին քննարկում չէ եղած:
«ԲՀԿ մեր ընկերները բազմիցս յայտնած են, որ իրենց համար մեր մասնակցութիւնը ցանկալի է ու մատչելի, քննարկում չէ եղած, բայց մենք միշտ յայտարարած ենք, որ անհրաժեշտութեան պարագային, եթէ կարիքը կայ, այո, մենք պիտի ըլլանք հանրահաւաքին, պիտի մասնակցինք, ելոյթ կ’ունենանք», ըսաւ Պապայեան:
Թէ ինչ օրակարգով «Հայրենիք» կուսակցութիւնը կը միանայ ԲՀԿ հանրահաւաքին, Պապայեան յայտնեց. երբ գայ ժամանակը, երբ քննարկուի միանալ-չմիանալու, մասնակցիլ-չմասնակցելու հարցը, այդ ժամանակ նաեւ պահանջներու մասին աւելի լայն կ’իրազեկեն:
«Բայց երեք կուսակցութիւններուն առանցքային, մէկ օրակարգը Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած իշխանութեան հեռացումն է», ընդգծեց «Հայրենիք» կուսակցութեան վարչութեան անդամը:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինայսան ընդգծեց` երեք քաղաքական ուժերու աշխատանքային քննարկումներուն մէջ կայ միատեղ հանրահաւաքներու հարցը:
«Չկայ առանձնապէս մէկ քաղաքական ուժի կողմէն հրաւիրուող հանրահաւաքի հարց կամ օրակարգ: Այո, մեր եռեակի օրակարգին մէջ հանրահաւաքներ ընելու, հանդիպումներ կազմակերպելու, միատեղ դատական հայցերը, որ մենք ներկայացուցած ենք, քաղաքացիներուն աջակցութիւնը ստանալու գործողութիւններ նախատեսուած են», Aysor.am-ին ըսաւ Մինասեան:
Ան շեշտեց` իրենց օրակարգը յստակ է:
«Առաջին` ստեղծուած վիճակի գնահատում, ներառեալ բոլոր մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, որոնք երկրին առջեւ ծառացած են թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին ճակատի մէջ, իշխանութեան ապաշնորհ գործողութիւններուն, քաղաքականութեան հետեւանքով:
Երկրորդ ` գնահատական իշխանութիւններուն, այն առումով, որ իշխանութիւնը ի վիճակի չէ իր այսօրուան կազմով, վարքագիծով, իրականացուող քաղաքականութեամբ ու գործողութիւններով յաղթահարելու այդ մարտահրաւէրները, աւելին`կը ստեղծէ նոր մարտահրաւէրներ:
Երրորդ` երկրին անհրաժեշտ է որակապէս նոր իշխանութիւն, իշխանութիւն, որ ունակ պիտի ըլլայ ոչ միայն յաղթահարել նշուած մարտահրաւէրները աւելի արագ կշռոյթով, այլեւ երկրին մէջ պիտի ստեղծէ բարեփոխումներու համար իրական միջավայր:
Չորրորդ` իշխանութիւնը պէտք է ձեւաւորուի ժողովուրդի կողմէն, ժողովուրդի միջոցով», ըսաւ Մինասեան:
ՀՅԴ ԳՄ անդամը շեշտեց` իրենց միաւորման նպատակը առաւել լայն համախմբում ստեղծելն է:

«Ու սա նախընտրական դաշինք չէ», աւելցուեց Մինասեան: