Լիբանանի Ընդհանուր Ապահովութեան Գլխաւոր Վարչութիւնը յայտարարեց, որ ալ Մասնաա եւ ալ Ապուտիէ անցքերուն ճամբով երկիր վերադառնալ փափաքող լիբանանցիներուն վերադարձը դիւրացնելու համար, այս ամսուան 8-10-ին Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմանները պիտի բացուին:
Վարչութիւնը աւելցնելով ըսաւ, որ «Նախարարներու Խորհուրդին որոշումին հիման վրայ, 31 Մարտէն արտասահման գաղթած լիբանանցիներուն համար Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմանները ալ Մասնաա եւ ալ Ապաուտիէ սահմանային անցքերով պիտի բանին այս ամսուան 8-ին եւ 10-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 4:00, լիբանանցիներուն եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն համար «լիբանանցի որդի, լիբանանցի ամուսին կամ կին», որոնք կը գտնուին Սուրիա եւ կը փափաքին Լիբանան վերադառնալ։
Վարչութիւնը նախապէս քանի մը անգամ յայտարարած էր Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմաններու բացումը՝ Սուրիայէն վերադառնալ փափաքող լիբանանցիներուն համար: