«Արմէնփրէս».- Հայ Առաքելական եկեղեցին 8 Սեպտեմբերին կը յիշատակէ Սուրբ Աստուածածինի ծննդեան տօնը, իսկ Քիեւի հայերուն համար այդ օրը նաեւ Աստուածածինի ծնունդի եկեղեցական տօնն է, որ աւելի ուշ յիշատակուած է «Փոտոլ» բնակավայրին մէջ:
AnalitikaUa.net-ի հետ զրոյցին ընթացքին, սրբազան Մարկոս Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ տօնին առիթով երեկոյեան պատարագ պիտի մատուցուի:
Ինչպէս յայտնեց կրօնագէտ Ռուսլան Խաչիկով, Սուրբ Աստուածածինի ծննդեան տօնը, ամենակարեւոր քրիստոնէական տօներԷՆ մէկն է`եկեղեցական տօնացոյցի տարուան առաջին տօնը, որ կը յիշատակուի Սեպտեմբերի սկիզբը:
Գիտնականներու տուեալներուն համաձայն,13-14-րդ դարերուն՝ հայերու խիտ բնակեցման շրջանին, եկեղեցին կը գտնուէր Փոտոլի մէջ, ներկայիս՝ Փոքրովսկայայի փողոցը:
Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան պատմամշակութային ժառանգութեան ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան յայտնեց, որ Քիեւի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ պատմութիւնը պէտք է վերաարժեւորել:
Հակառակ անոր որ եկեղեցին չէ պահպանուած, սակայն Քիեւի հայերը կը յիշատակեն եկեղեցական տօնը: Քիեւի մէջ այսօր կայ երկու եկեղեցի, իսկ միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի նախաձեռնութեամբ այնտեղ կը կառուցուի Արեւելեան Եւրոպայի ամենամեծ հայկական վանական համալիրը: