Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Առաջնորդարանի դիւանը յայտնեց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անցնող շաբաթներուն մօտէն հետաքրքրուելով Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին տիրող տնտեսական տագնապին եւ պսակաձեւ ժահրի համավարակին ստեղծած իրավիճակով, առցանց կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ եւ բաժնեկցելով համայնքին մտահոգութիւնները նիւթական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ համայնքի զաւակներուն, դեղորայքի եւ առողջապահական այլ կարիքներու ապահովման համար:
Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարելով սուրիահայ համայնքին դերն ու նշանակութիւնը հայապահպանման եւ Հայաստան- Սուրիա յարաբերութիւններու խրախուսման մէջ, իր զօրակցութիւնը յայտնեց համայնքին, բարձր գնահատելով համավարակի եւ տնտեսական ծանր պայմաններու յաղթահարման համար տարուող աշխատանքները։