Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը, համագործակցելով ԻՒՆԻՍԵՖի հետ, մեկնարկեց «Վերադարձ Դպրոց» արշաւը՝ հաստատելով, որ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածման, Սուրիան ի վիճակի է ապահով եւ անվտանգ միջավայր ապահովելու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար:
 Դամասկոսի «Ճաուտաթ Հաշիմի»  դպրոցին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով կրթութեան նախարար դոկտոր Տարեմ Թապաա յայտնեց, որ աշակերտներուն կրթութիւնը որոշ ժամանակահատուած մը կասեցնելէ ետք, Կիրակի 13 Սեպտեմբերին, Սուրիոյ դպրոցները վերստին  կը բանան իրենց դռները՝ ընդունելու  աշակերտները նախազգուշական խիստ պայմաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դպրոց պիտի ունենայ առողջապահական յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի հետեւի աշակերտներու առողջութեան եւ վարակակիրներ յայտնուելու պարագային անմիջապէս համապատասխան բշժկական քայլերուն դիմէ։
Դպրոցներէն ներս աշակերտներուն համար պիտի ապահովուի մաքուր, ապահով եւ հականեխուած մթնոլորտ։