«Արմէնփրէս».- ՀՀ ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեանի հրամանով` Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի պետ  նշանակուած է ոստիկանութեան փոխգնդապետ Նարինէ Յակոբեան:

Մինչեւ օրս ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի պետը Արա Ֆիտանեանն էր, որ 12 Սեպտեմբերին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով նշանակուած էր ՀՀ փոխոստիկանապետ:

Հայաստանի մէջ ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրօն առաջին անգամ  կին մը պիտի ղեկավարէ: