«Ակունք».-Ֆրանսական ամենահեղինակաւոր թերթերէն մէկը` Le Figaro-ն անդրադարձած է Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական զինուորական բախումներուն: Յօդուածին մէջ ներկայացուած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութիւնը,  հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը եւ յատուկ ընդգծուած է, որ եթէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ դուրս գայ վերահոսկողութենէ, ապա հաւանական հակամարտութեան մէջ  կրնան ներքաշուիլ Թուրքիան եւ Ռուսիան:

Յօդուածին մէջ յատուկ անդրադարձ կայ հակամարտութիւնը սրելու գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:

Le Figaro-ն  մէջբերած է Nouvelles d’Armռnie ամսագիրի  խմբագիր Արա Թորանեանի խօսքերը, որ ընդգծած է, թէ վերջին հայ–ատրպէյճանական  բախումները ենթահող ունին, սա կը վերաբերի թրքական բացասական արարքի յաւելումին եւ Էրտողանի կայսերապաշտական նկրտումներուն:

Յօդուածին մէջ ընդգծուած է, որ այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայ հայկական 20 քմ-անոց տարածք եւ, եթէ Թուրքիան յաջողի ֆիզիքապէս ցամաքային կապ հաստատել Ատրպէյճանի հետ ի հաշիւ հայկական տարածքներուն, ակնյայտ է, որ տարածաշրջանին մէջ պիտի ստեղծուի  «Հրէշ» մը, որ  պիտի սպառնայ նաեւ Եւրոպային:

Յօդուածին մէջ տեղ  գտածէ նաեւ այն, որ  վերջին զինուորական սրումը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի ներքին  լուրջ հարցերով`  պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով տնտեսական դժուարութիւններուն եւ համավարակին պատճառով քարիւղի միջազգային գիներու անկումին իբրեւ հետեւանք, իսկ նման պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը պէտք է  քայլեր ձեռնարկէր իր ազդեցութիւնը պահելու համար: