Երեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2020-ին, «ալ Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի յանձնախումբը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական ուժերուն գործած ոճիրները եւ կոչ ուղղեց հարցաքննութեան ենթարկելու թրքական զիրենք:
Յանձնախումբը դիտել տուաւ, որ ընդդիմադիրներուն կողմէ սուրիացիներու պաշարումը, ապա Թուրքիա փոխադրումն ու այնտեղ դատապարտումը ուղղակի ոճիր է եւ բռնագաղթ:
Յանձնախումբի նախագահ Փաուլօ Փեներօ յայտնեց, որ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ ընդդիմադիրները Աֆրինի, Ռաս ուլ Այնի եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ այլազան ոճիրներ գործեցին տեղւոյն բնակչութեան դէմ, եւ նախազգուշացուց Անգարան նման ոճիրներու վտանգաւոր հետեւանքներէն։