Սուրիոյ համալսարաններ ընդունման պայմանները ճշդող բարձրագոյն Յանձնաժողովը որոշեց 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանին համար սուրիական համալսարաններ եւ ուսումնարաններ ընդունիլ բոլոր անոնք, որոնք յաջողած են պաքալորիայի քննութեանց եւ որոնց թիւը կը հասնի 139․588 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիի, յարգելով անոնց աշխարհագրական տարածութիւնը, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով շրջանաւարտներ ներգրաւուին իրենց նահանգներու համալսարաններուն եւ ուսումնարաններուն մէջ։

Սուրիոյ վարչապետ երկրչփ․ Արնուս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հաւասարակշռութիւնը պահել Համալսարաններու ընկալման եւ ուսման որակին միջեւ, ինչպէս նաեւ լաւապէս օգտագործել մարդկային պաշարները ռազմավարական առողջ տեսլականով։