Փոքր տարիքէս զմայլած եմ քոյրերուն հանդէպ հօրս տածած սիրով։ Կանուխ տարիքէն իր ծնողքը կորսնցուցած ըլլալով, հօրենական պարտաւորութիւն մը զգալով ան ջանք չէր խնայեր ուրախ պահելու զանոնք:

Խարբերդցի հայրենասէր ընտանիքիս նախնիները միշտ յատուկ սէր եւ յարգանք տածած են իրենց հօրաքրոջ՝ Փայլունիին։ Ան իր եղբօր՝ մեծ հօրս՝ Խաչատուրին հետ միասին խարբերդէն Տէր Զօրի անապատներէն քալելով հասած էին Հալէպ։ Միասին ապրելով, մեծ հայրս ընտանիք ու զաւակներ ունենալով մէկտեղ միշտ քրոջը թելադրանքները յարգած էր։ Հօրս հօրաքոյրը յայտնի օրիորդ մը եղած էր Խարբերդի մէջ, իր բարեկամներուն վկայութեամբ՝ խելացի ու ընթերցասէր։ Ան տարիներ շարունակ մնաց եղբօր շատ սիրելի զաւակներուն կողքին։ Տարիներ ետք, երբ հայրս ալ կ’ամուսնանայ, անոնք առջինեկ իրենց զաւակը՝ զիս, կ’անուանեն Բալիկ, ի յիշատակ իրենց հօրաքրոջ։ Այսպիսի անբացատրելի սիրով հայրս մեր մէջ ալ նոյն սէրն ու յարգանքը սերմանեց մեր հօրաքոյրներուն հանդէպ, ոչ մէկ օր զանոնք առանձին ձգելով:

Անուշ յուշերս սկիզբ կ’առնեն այն օրերէն, երբ կը յաճախէինք Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարան։ Երբեմն մեր տան հեռաւորութեան պատճառով կ’ուշանայինք դպրոց հասնելու, հօրաքոյրս, որ սովորաբար իր դասապահը սկսելէն առաջ, աղօթքի ժամն իսկ երբեմն չհասած, արդէն իսկ գրատախտակին վրայ գրած կ’ըլլար օրուան քերականութեան բոլոր վարժութիւնները, իսկոյն Երեք Անթէլի հրապարակ կ’ուղղուէր ու այնտեղի արձանին քով, մտահոգ կանգնած մեզի կը սպասէր:

Զբօսանքներուն մեզ կ’առաջնորդէր իր 2-րդ տունը՝ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան սենեակը, ուր նախապէս Ազգ.Հայկազեանի մանկապարտէզն էր։ Հոն, իր ժողովասենեակին մէջ, կը զբաղէր ատենագրութիւնները մեքենագրելով, իսկ մեզ կը զբաղցնէր քերականական վարժութիւններ տալով:

Արձակուելու պահուն, իր կողմէ ճշդուած աշխատասէր իր աշակերտուհիներուն հետ մեզ կ’ուղարկէր Հոգետուն, ուր հայրս մեզ պիտի ստանձնէր ու տուն տանէր։ Այդ աշակերտուհիներէն կը յիշեմ Թալին Յարութիւնեանը, որ այնքան երախտապարտ է նման ուսուցչուհի մը ունեցած ըլլալուն համար եւ ինք եւս Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյն ասպարէզին կը ծառայէ։

Ինչեւէ, երբեմն հայրս մեզ կը տանէր հօրաքրոջս տունը, հորաքրոջս սրբագրելիք ուղղագրութեան եւ շարադրութեան տետրակներով բեռնաւորուած կը բարձրանայինք աստիճաններէն, մտածելով որ ամէն օր ինչպէ՞ս առանց դժգոհանքի 4 յարկ կը բարձրանայ։

Երեկոյեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբի փորձերուն կը տանէր, ճամբու ընթացքին սոմունով տուրմ կ’առնէր։ Անոր անուշ բոյրը կարծէք մինչեւ հիմա ռունգերուս մէջ կը համենայ։ Նոյն ճամբուն վրան էր Գարագաշեանին խանութը, ուրկէ համեմներ կը գնէր, իսկ վերադարձին, բուրդի շուկայէն դէպի Թիլէլ կը հանդիպէինք գրատուն «Քասսար»ին, գրենական մեր պիտոյքը առնելու։ Այդ պահուն հօրաքոյրս միշտ իր նրբիկ ձայնով ֆրանսերէն կը խօսէր արաբերէնի փոխարէն, վաճառողը մեծ հաճոյքով մտիկ կ’ընէր։ Քիչ մը անդին կոճակ ծախող «Զերպէ»ի խանութպանին հետ ալ ֆրանսերէնով կը զրուցէր:

Կը յիշեմ յատկապէս այն Շաբաթ օրերը,երբ եղբայրներուս հետ իրենց տունը կը գիշերէինք, որպէսզի յաջորդ առաւօտ կանուխ արծուիկութեան- գայլիկութեան երթայինք։ Հօրաքոյրս մեծ հաճոյքով պատշգամը լուալէ ետք, քնանալու մեր իրերը կը տեղաւորէր այնտեղ ու զով օդին, Հալէպի բերդին լոյսերը դիտելով եւ Երեք Անթէլի ժամացոյցին ձայնը լսելով կը քնանայինք:

Առաւօտ կանուխ ծիծեռնակներուն ձայնը կ’արնթնցնէր մեզ եւ սիրելի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը Կիրակիին գալուստը կ’աւետէր։ Հիանալի օրեր էին, հօրաքոյրս ամբողջ գիշերը իր հրաշալի ձեռագիրով կը գրէր Համազգայինի ժողովներու ատենագրութիւնները։ Ընդհանուր ժողովներէն առաջ օրեր կ’անցընէր առանց քնանալու, գործունէութեան տեղեկագիրը պատրաստելու համար, իսկ առաւօտեան դպրոց կ’երթար կրկին առանց քնացած ըլլալու:

Կը յիշեմ նաեւ Ազգ․Հայկազեան վարժարանի ամավերջի հանդէսներուն պատրաստութեան ընթացքին արտասանութեան փորձերը, որոնք կը կազմակերպէր բեմադրիչ պրն. Գրիգոր Քէլէշի եւ ընկ. Մովսէս Ֆաքճեանի հետ:

Հօրաքրոջս սիրած ձիրքերէն մին էր կարը։ Ազիզիէի շրջանը փոքրիկներու հագուստի խանութ մը կար «Սարօ» անունով։ Ամէն անգամ երբ անոր դէմէն կ’անցնէր, անպայման ցուցաբեղկին ետին ցուցադրուած հագուստները կը դիտէր, եթէ հագուստ  մը սիրէր, անպայման մեր երկուքին նոյն ձեւի հագուստ կը կարէր, իսկ ես մեծ ուրախութեամբ կը հագնէի:

Կեանքիս ամէնէն սիրած շաբաթը «Աւագ Շաբաթ»ն էր, երբ զատկուան տոհմիկ կարկանդակի պատրաստութեան օրը խարբերդցիներուն յատուկ բաղադրութեամբ հօրաքոյրս խմորը կը շաղէր պղինձէ մեծ ամանին մէջ, ետքը ես եւ Այտա հօրաքոյրս միասնաբար կը պատրաստէինք կարկանդակները, իսկ հօրս աշկերտները Պերղուտեանի փուռէն յատուկ ափսէներ կը բերէին, անոնց մէջ կը զետեղէինք, որմէ ետք փուռ կը ղրկէինք կարկանդակները։ Ի՜նչ անուշ բոյր կ’ունենային կարկանդակները, երբ փուռէն տուն բերուէին անոնք:

Երեկոյեան, Ոտնլուայի արարողութենէն ետք, եկեղեցի կը մնայի հօրաքրոջս հետ, թելերը նախապէս գնած ու պատրաստած կ’ըլլար ընկ. Կարպիս Դերձակեանին թելերու եւ կտաւներու վաճառատունէն։ Խաւարումի արարողութիւնը շատ կը սիրէի։ Յուզումով կը յիշեմ Յովհաննէս ամմօ Աւագեանը եւ ընկ. Տարօն Աւետիսեանը, երբ «Ո՞ւր ես, Մայր իմ» կ’երգէին իրենց անմահական ձայնով:

Այս բոլորին բնականաբար պիտի յաջորդէր Զատկուան Կիրակին, երբ եկեղեցական արարողութենէն ետք, հարազատներու այցելութեան աւարտով հօրաքրոջս տունը կը հաւաքուէինք։ Մանկութեան անուշ յուշերս կ’ուրուագծեն հօրաքրոջս մեզ սրտբաց դիմաւորելը, ապա նաեւ իր պատրաստած համեղ ճաշերով ճոխացած սեղանին շուրջ մեր համախմբումն ու զուարթ պահերը:

Հօրաքրոջս ուրախութիւնը անսահման կ’ըլլար, երբ մեր պարտէզը այցելութեան կու գային համազգայնական իր ընկեր-ընկերուհիները՝ ընկ. Վահէ, ընկ. Կարպիս, ընկ․ Յարութիւն, ընկ. Յակոբ, որոնք իրեն նման համազգայինի նուիրուածներ էին, Երբեմն իրենց հետ ունենալով հայրենիքէն ժամանած հիւրեր: Յիշողութեանս մէջ տեղ գրաւած են յատկապէս 80-ականներու այն օրը, երբ Համազգայինի պարախումբը Ափիկ Կոստանեանի ղեկավարութեամբ նկարահանուեցաւ մեր պարտէզի մեծ փակին մէջ, ինչպէս նաեւ ողջերթի շատ մը երեկոներ, ինչպէս օրինակ Մարօ Թիւթելեանի, Ծովիկ Ղազարեանի եւ այլոց:

Տարիներու յուշերը ներքին գոհունակութիւն կը պարգեւեն։ Որքան բախտաւոր եղած եմ այդպիսի անշահախնդիր անձնաւորութեան մը, ազգանուէր, հայրենասէր, պարտաճանաչ հօրաքրոջս հետ ապրած անկրկնելի պահերուս համար, որոնցմէ բոլորս շատ բան սորված ենք:

Քանի մը անգամ, երբ հօրաքոյրս անհանգստացաւ եւ ես խնամեցի զինք, միշտ քաղցր ժպիտով, հիւմորով կ’ըսէր` «Ինչ լաւ բոյժ-քոյր կ’ըլլաս, Բալօ՛»:

Անգութ պատերազմի տարիներուն, երբ հայրենիք հաստատուեցանք, հայրենիքի մէջ կրկին պարտէզ ունենալը մեծ ուրախութիւն էր հօրաքրոջս համար։ Քանի մը տարի ապրեցաւ այնտեղ եւ վայելեց ուրախ, յիշատակելի օրեր։ Նոյն օրերուն ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրուեցաւ, իրեն երախտապարտ աշակերտուհիին՝ տիկ. Նայիրի Մկրտիչեանին ջանքերով: «Օրդ. Էմմա»ն մէկէ աւելի անգամներ պատիւ ունեցած էր պարգեւատրուելու՝ ուսուցչական, միութենական իր ծառայութեանց համար:

Հօրաքրոջս հետ այլ տպաւորիչ պահ մը ապրած եմ Արարատ լեռ բարձրանալէս եւ վեադառնալէս անմիջապէս ետք։ Ան անհամբեր զիս կը սպասէր, հասնելուս  փաթթուեցաւ ինծի, հպարտ էր, որ մեծ հօրս երազը իրականացուցած էի՝ եռագոյն դրօշիս վրայ Խարբերդ արձանագրելով զայն բարձրացուցած էի Արարատի կատարին:

Հայրենիքի սէրը ուրիշ էր, բայց Հալէպը իրեն հոգեհարազատ գաղութն էր ու  վերադարձաւ Հալէպ:

Հիմա ես ալ հօրաքոյր եմ ու կը ջանամ նոյն ձեւով սէր եւ գուրգուրանք տածել եղբօրս զաւակներուն։ Յոյսով եմ, որ աշխարհի բոլոր հայ հօրաքոյրները ինծի պէս անհուն սիրով ու յարգանքով կ’ապրին իրենց հօրաքոյրներուն հետ։

Մեր գերդաստանի փարոսին՝ Էմմա հօրաքրոջս, միշտ հպարտութեամբ պիտի յիշենք:

 

Բալիկ Ազարիկեան-Կոստիկեան

Միացեալ Նահանգներ

Հիւսթըն-Թեքսաս