Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանէն միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ դատապարտելու Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումները: Ան նշեց, որ արդէն 3 օր է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թիրախ դարձած են Արցախի խաղաղ բնակիչները, իսկ 29 Սեպտեմբերին Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ յարձակումներուն ուղղակի միացած են նաեւ թրքական ուժերը:

«Օրեր առաջ Ատրպէյճանի ուժերը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած են Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծի ամբողջ երկայնքին: Մենք ատիկա կ’որակենք նախօրօք ծրագրուած յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ: Ատրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախաւորած են Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքներն ու գիւղերը, քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառուցուածքները: Այսօր նոյնը տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող գիւղերու նկատմամբ: Այսօր Ատրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակած են յարձակողական գործողութիւնները, շատ կարեւոր է նշել, որ Թուրքիոյ ռազմական սպաները տեղակայուած են Ատրպէյճան եւ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են ռազմական գործողութիւններու մէջ, որոնց պատճառով տասնեակ մարդիկ զոհուած են, հարիւրաւորները` վիրաւորուած», յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ոտնձգութիւններ կը կատարեն նաեւ Թուրքիոյ «Էֆ-16» ռազմական կործանիչները:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանէն հնչող մեղադրանքներուն՝ իբր թէ հայկական կողմը սկսած էր ռազմական գործողութիւններուն՝ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ կատարուած մեղադրանքը պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստերու վրայ։

Հայաստանի վարչապետը աւելցուց, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ազատ ինքնորոշման իրաւունք, իսկ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ստիպէ Թուրքիան՝ դուրս գալու այս հակամարտութենէն, որովհետեւ այս տագնապին մէջ անոր ներգրաւուածութիւնը աւելի կը վատթարացնէ վիճակը։