«Երկիր Մետիա».-Թուրքիան արդէն բացայայտօրէն կը խօսի Ատրպէյճանին օժանդակելու մասին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 29 Սեպտեմբերին այցելած է Անգարայի Ատրպէյճանի դեսպանատուն, ապա յայտարարած է, թէ Պաքուին պատրաստ են աջակցելու ոչ միայն բանակցային սեղանին շուրջ, այլ մարտի դաշտին վրայ:
Չաւուշօղլուն կրկին աղմկահարոյց յայտարարութիւն ըրած է, «Ատրպէյճանի վրայ յարձակումը կը դիտարկենք որպէս յարձակում Թուրքիոյ վրայ»: