«Ազդակ».-Հզօր Լիբանանի համախմբումը 6 Հոկտեմբերին իր շաբաթական հերթական նիստի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը` կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու զայն: Երեք կէտերէ բաղկացած հաղորդագրութեան մէջ համախմբումը անդրադարձաւ Լիբանանի իրավիճակին` նշելով կացութեան վտանգաւոր ըլլալը եւ պահանջելով դիւրացնել կառավարութեան կազմութիւնը: Հաղորդագրութիւնը նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց փտածութեան վերացման եւ բարեկարգումի քայլերու ամբողջացման գծով:
Ժողովականները նաեւ ցաւ յայտնեցին Արցախի մէջ վերսկսած բախումներուն համար` կոչ ուղղելով խաղաղ միջոցներով լուծելու հարցը: Անոնք նաեւ մտավախութիւն յայտնեցին վարձկան ահաբեկիչներու Ատրպէյճան ուղարկման գծով:
Հաղորդագրութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հայ բնակչութեան` կոչ ուղղելով յարգելու անոր խաղաղ ու ապահով ապրելու վճռակամութիւնը իր դարաւոր հողին վրայ, «յատկապէս որ այս ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին շատ սուղ գին վճարած է ծաւալապաշտ ու այլամերժ ախորժակներու մղումներուն»: