«Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան հերքած է է  Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական, յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունցի զոհուելուն մասին ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը:
«Ատրպէյճանցիները անգամ մը եւս կեղծ տեղեկատուութիւն տարածած են, իբրեւ թէ Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական, յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունց զոհուած է:
Փառք Աստուծոյ, ան ողջ եւ առողջ է, եւ կը շարունակէ լիարժէքօրէն կատարել իր աշխատանքային պարտականութիւնները», գրած է Պօղոսեան: