Բնական է որ Արցախեան հարցը եւ անոր առնչուող վերջին ճակատագրական իրադարձութիւնները դառնան հայութեան առաջնային մտահոգութիւնն ու հետաքրքրութիւնը։ Հաւանական է նաեւ որ հետաքրքրութեան այս պահանջքը յագեցնելու ճամբուն մենք մեզ գտնենք քաղաքական զանազան վերլուծութիւններու առջեւ, անկախ այդ վերլուծութիւններուն բնոյթէն եւ անոնց հեղինակներուն կողմնակցութիւններէն։ Մեզմէ պահանջուած է որպէս արցախեան դատի պաշտպաններ ընթերցել ու ըմբռնել բոլոր այն վերլուծութիւնները, ամենածայրայեղ ոճով գրուածէն մինչեւ ամենատրամաբանականն ու մեղմը, եւ մեր կարողութեան համաձայն, զգացական ազդեցութիւններէ հեռու տրամադրութեամբ ուսումնասիրել զանոնք, ինչ որ կը նպաստէ ներկայ իրադարձութիւններուն նկատմամբ աւելի ճշգրիտ արժեւորում ունենալու, եւ աւելի յստակ տեսլականով մտածելու ապագայ մեր քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին:
Այս վերլուծութիւններէն մաս մը  ուղղակի անգրագէտ ու տարօրինակ ոճ ունի, հակառակ անոր, սակայն, կրնայ մեզ լուսաբանել եւ մեր «աչքերը բանալ», հաւանաբար մեր թոյլ կէտերը լուսարձակի տակ առնելով,  կամ մեր կողմէն անտեսուած ու վրիպած մանրամասնութիւններ ու նոյնիսկ ընդհանրացած իրականութիւններ երեւան հանելով։
Այս իմաստով կ’ուզեմ անդրադառնալ երեք հիմնական կէտերու:
1- Հայաստանը աշխարհաքաղաքական քարտէզի վրայ «տարաբախտ» դիրք կը գրաւէ, շրջապատուած է թշնամի (Թուրքիա-Ատրպէյճան) կամ ոչ-բարեկամ (Վրաստան) երկիրներով։ Այս փաստը առանձնապէս բաւարար է, որպէս լուրջ սպառնալիք  որեւէ երկիրի ազգային անվտանգութեան, յատկապէս եթէ այդ երկիրը ունենայ տնտեսական սահմանափակ կարողութիւններ ու ներքին քաղաքական լարուածութիւններ: Այս գծով Հայաստան կը գրաւէ աշխարհաքաղաքականօրէն տկար դիրք, որ տարուէ տարի կը կորսնցնէ իր կարեւորութիւնը միջազգային փոփոխութիւններուն բերումով, նաեւ Հայաստանի արտաքին՝ «սլաք»ին շեղման հետեւանքով, եւ որպէս արդիւնք՝ ան կը դառնայ մեկուսացուած երկիր:
2- Արցախի գոյերթը, որպէս անկախ պետականութիւն ունեցող երկիր, վտանգուած է՝ այնքան ատեն որ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը տկար է ու անկայուն, հոս պէտք է ընդգծել որ վերջինը անկարող է իր ներկայ պայմաններով բարելաւել իր ունեցած դիրքը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պատերազմի սարսափն ու սպառնալիքը պիտի դիմագրաւեն Արցախն ու արցախահայութիւնը եւ բնականաբար, կլոր հաշիւով, համայն հայութիւնը:
3- Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, որպէս թշնամի դրացիներ, օգտուելով միջազգային փոփոխութիւններէն եւ Հայաստանի ու Արցախի հետ համեմատած օրէ-օր անհաւասարակշռութեան ծաւալումէն, նաեւ Ռուսաստանի ու Իրանի հետ իրենց զարգացուցած յարաբերութիւններէն, կը ձգտին փոխել ներկայ քարտէզը եւ տապալել Արցախի ներկայ իրավիճակը:
Ինչպէս նկատելի է, այսօր Հայաստանը եւ իր գերագոյն շահերը վտանգի տակ են աւելի քան երբեք։ Այդ մէկին գիտակցելով պէտք է ներկայ իշխանութիւնները համապատասխան ռազմավարութիւն որդեգրեն դիմագրաւելու իրենց դիմաց ծաւալող բազմատեսակ, մանաւանդ անվտանգութեան առնչուող, մարտահրաւէրները, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը պահանջէ  յեղափոխութենէն ետք առնուած կարգ մը որոշումներէն ու քայլերէն ետ դարձը:
Այստեղ մենք մեզի հարց տանք որպէս սփիւռքահայեր, ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել մեր մայր հայրենիքին անվտանգութիւնը, դաշնակիցներու վստահելո՞վ, պաշտպանողական բնոյթ ունեցող դաշինքներու մաս կազմելո՞վ, Սփիւռքը ինչքանո՞վ ազդեցիկ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ այս գործընթացին մէջ… հարցումներ որոնք պէտք է իւրաքանչիւր հայ, յատկապէս մեր ղեկավարները, լրջօրէն  մտածելու մղեն։Աւելին. այս պատերազմին յստակօրէն պարզուեցաւ, որ Հայաստանն ու Արցախը իրենց շատ սահմանափակ կարողութիւններով կը պատերազմին ահաբեկչական խմբաւորումներ օգտագործող քանի մը երկիրներու դէմ, միջազգային ոչ մէկ աջակցութիւն կամ նոյնիսկ «բերանացի զօրակցութիւն» ստանալով, ինչ որ կը վերահաստատէ  հետեւեալ ճշմարտութիւնը. «ԵԹԷ ԻՐԱՐՈՒ ԹԵՒ ԹԻԿՈՒՆՔ ՉԸԼԼԱՆՔ՝ ՄԵՆՔ ՉԿԱՆՔ»:
Հայկ Պաթթալեան