Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդած է, որ Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առաջարկ-միջնորդութիւնը, որ նախաձեռնած էին Ռեյնհոլտ Լոպատքան, Էւա Էռնստ Ձիձիչ եւ Փամելա Ռենտի-վագները:
Միջնորդութիւնը ընդունուած է միաձայնութեամբ` բոլոր խորհրդարանական խումբերու կողմէն: Միջնորդութեան հիմնական դրոյթները կը վերաբերին հրադադարին ուղղուած` Աւստրիոյ եւ ԵՄ-ի ջանքերուն, Թուրքիոյ միջամտութեան եւ զէնքի մատակարարման դատապարտման եւ Վիեննայի մէջ խաղաղ բանակցութիւններ կատարելու: