Սպանիոյ Քոնկրէսի 21 պատգամաւորներ եւ 15 ծերակուտականներ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ թուրք-ատրպէյճանական արարքը դատապարտող միատեղ յայտարարութիւն տարածած են:

«27 Սեպտեմբերի 2020-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը` Թուրքիոյ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ, պատերազմ սկսած են Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի լայնածաւալ զինուած յարձակումը կ՚ուղեկցուի միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, ինչպէս նաեւ` զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին կիրառուող օրէնքներու կոպիտ խախտումով: Մասնաւորապէս, թուրք-ատրպէյճանական զինուած ուժերը դիտաւորեալ կը հրետակոծեն Արցախի քաղաքները, գիւղերը եւ քաղաքացիական վայրերը` քաղաքացիական բնակչութիւնը ահաբեկելու եւ աւերներ պատճառելու նպատակով: Այդ հրետակոծութիւններուն ընթացքին խաղաղ բնակչութեան շարքերում մէջ վիրաւորուած են նաեւ բազմաթիւ լրագրողներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական աղբիւրներէն ստացուած լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք, որ 29 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի «Գանձակ» օդանավակայանի մէջ տեղակայուած` Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչներէն մէկուն կողմէն խոցուած է ՀՀ տարածքին գտնուող ռազմական եւ քաղաքացիական վայրերու վրայ ատրպէյճանական յարձակումները ետ մղելու նպատակով մարտական խնդիրները կատարող ՀՀ ԶՈՒ ռազմաօդային ուժերուն Սու-25 գրոհիչը: Սա Թուրքիոյ միջամտութեան վառ օրինակ է:Ատրպէյճանական ուժերը կ՚օգտագործեն քասեթային զինամթերք եւ տարբեր տրամաչափերու այլ զէնքեր, ինչ որ միջազգային մարդկային իրաւունքի կոպիտ խախտում է: Արհամարհելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ միջազգային հանրութեան` անյապաղ հրադադար հաստատելու մասին մշտական կոչերը եւ փորձելով ուժի կիրառման միջոցով հասնիլ հակամարտութեան կարգաւորման` Ատրպէյճանն ու Թուրքիան մինչեւ օրս կը շարունակեն միատեղ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները:
Միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ուղղենք ճանչնալու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը` նպատակ ունենալով ապահովել Արցախի քաղաքացիներուն խաղաղ կեանքին իրաւունքը: Ներկայիս իրավիճակում Արցախի միջազգային ճանաչումը տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման միակ գործնական մեքանիզմն է:
Այդ պատճառով կը դիմենք Սպանիոյ Քոնկրէսին եւ Ծերակոյտին` որպէս ժողովրդավար եւ միջազգային հանրութեան շրջանակներում մէջ կարեւոր կշիռ ունեցող կառոյցներու, համախմբման կոչ ուղղելու բոլոր ժողովրդավարներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն` մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւնները կանխելու համար:
Խստօրէն կը դատապարտենք Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումը, յատկապէս` Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու հրետակոծութիւնները, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ միջամտութիւնն ու սուրիացի եւ լիպիացի վարձկաններու մասնակցութիւնը, փաստ մը, որ արդէն հաստատուած է Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի կողմէ: Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ պահանջել Ատրպէյճանէն` յարգելու մարդու իրաւունքներն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները, վերջ տալու յարձակողապաշտութեան եւ վերականգնելու տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:»
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն