Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ: Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատը. նկատի առնելով, որ հայերով բնակած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնիշխանութեան մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մահացու պայքարը կը շարունակուի, արձանագրելով, որ Ատրպէյճանը 27 Սեպտեմբեր 2020-ին յարձակում սկսած է նպատակ ունենալով վերահսկողութեան տակ առնել Լեռնային Ղարաբաղը, գիտակցելով, որ ընթացող մարտերը ամենադաժանն են 1994թ. կնքուած զինադադարէն վերջ, արձանագրելով երրորդ երկիրներու, մասնաւորապէս Թուրքիոյ, ներգրաւումով աճող բարդութիւնները, գիտակցելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Ատրպէյճանին իր քաղաքական ու ռազմական աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ, նաեւ սուրիացի վարձկաններ ու ռազմական սարքավորումներ կը մատակարարէ, փաստելով, որ Թուրքիան վերջնագիր ներկայացուցած է` պնդելով, որ հրադադարը պիտի հաստատուի միայն, երբ Հայաստանի աջակցութիւնը վայելով ուժերը դուրս գան Լեռնային Ղարաբաղէն, գիտակցելով, որ այս ռազմական ու քաղաքական հակամարտութիւնը` երրորդ կողմերու մասնակցութեամբ, կրնայ յանգեցնել առաւել մեծ ծաւալի հակամարտութեան, կոչ ուղղած է կառավարութեան` դատապարտելու ռազմական բոլոր քայլերը, որոնք կը հակասեն 1994թ. զինադադարի դրոյթներուն, դատապարտելու արտաքին որեւէ միջամտութիւն` ուղղուած հակամարտող կողմերէն մէկուն, մասնաւորապէս Ատրպէյճանին թրքական ռազմական աջակցութեան, աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատման նախաձեռնութիւններուն եւ կոչ ուղղելու յարգելու 1994. Մայիսին կնքուած զինադադարի սկզբունքները:

Արցախի Հանրապետութեան
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն