Գրիչս առած, յօդուածիս նախաբան մը կը փնտռեմ: Ի վերջոյ կ’եզրակացնեմ, որ ամենաճիշդ ձեւը օր. Էմմային այցելութիւններուս դրդապատճառներուն մասին գրելն է:
Նախքան մեր սիրելի, ազնուական կրթական մշակին՝ օրիորդ Էմմա Ազարիկեանին մահանալը, մօտաւորապէս վեց ամսուան ընթացքին անոր բարեկամուհին դարձած էի: Իր առողջութեան վատթարանալուն պատճառով այցելութիւններս կրկնապատկած էի, որպէսզի կարենայի շօշափելի սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերել իրեն: Պարտական կը զգայի Հայաստան գտնուող կնքահօրս՝ Էմմային անդրանիկ եղբօրը, որ անկեղծութեամբ եւ հետեւողականօրէն կը հետաքրքրուէր քրոջմով: Իմ կարգիս, ազնիւ կնքամօրս միտքը հանգստացնելու համար օր. Էմմային որպիսութիւնը կը փոխանցէի՝  պատկերները եւ ձայնագրութիւնները ղրկելով:
Օրիորդ Էմման եւ մնացեալ հայերէնի նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները այլ նիւթեր դասաւանդողներէն կը զատորոշուին, որովհետեւ ուխտաւորի նման իրենց առաքելութիւնը պահողներ են, նիւթական վարձատրութիւնը արհամարհողներ, ազնիւ, հայոց լեզուով ու գրականութեամբ լիացած հոգի ունեցողներ, կորսուելու, ձուլուելու սպառնալիքները դիմագրաւողներ, յանձնուելու եւ ընկրկելու իրաւունք չունեցող մշակներ են, մեր ինքնութիւնը կերտող դեսպաններ են:
Օրիորդ Էմմային սեղանին վրայ զետեղուած էր փայտեայ տուփիկ մը, որուն մէջ կային եռագոյն թերթիկներով արձանագրուած Աստուածաշնչեան խոստումներ: Ան օրական երեք գոյներէն ալ կը կարդար. Սեղանին վրայ կար նաեւ ուսումնասիրական գրքոյկ մը, որուն վերնագիրն էր՝ «Մեղքերու Բառարան», որ միասնաբար կ’ընթերցէինք, իրականութեան մէջ՝ ես կ’ընթերցէի եւ ինք ուշադիր զիս կ’ունկնդրէր առանց ընդհատելու: Օր մը, երբ կրկին կը կարդայինք եւ հասած էինք իններորդ էջի տասնմէկերորդ մեղքին բացատրութեան, յանկարծ լռիկ Էմման բերանը բացաւ եւ ըսաւ, որ ինք վշտացած եւ դառնացած էր անձէ մը, բայց բնաւ անունը չյիշեց…: Անարժանաբար իրեն խորհուրդ տուի, որ նախաքայլ առնելով այդ անձին տեղեկացնէ իր դառնութիւնը, որպէսզի ներելով բուժուի իր սիրտը, որովհետեւ քաջ գիտէի, որ խօսքով վիրաւորողը, վիրաւորուելով ու չներելով դառնութիւնը պահողը, նոյնքան հաշուետու է Աստուծոյ:
Ան նիհար ու վտիտ կազմուածք ունէր, բայց զօրաւոր նկարագիր: Լուռ գործող էր, բայց՝ արձագանգող: Անկեղծօրէն կ’արտայայտուէր,  շողոքորթութիւն չէր սիրեր: Հիւրասէր ու բարեգործ էր, բայց ըրածներուն մասին փող հնչեցնող չէր:
Յիշատակդ անմար պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ, սիրելի՛ օր. Էմմա:
Նայիրի Ատուրեան Ֆրանքեան