ԱՄՆ-ն կրնայ դիւրաւ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Այս կարծիքը Նիւ Հեմփշիրի մէջ յայտնած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախընտրական հանրահաւաքի ընթացքին, որ սփռուած է քանի մը համապետական ալիքներով:
Թրամփ յայտնած է, որ Ուաշինկթըն կ’աշխատի Պաքուի ու Երեւանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:
«Մենք ամէն ինչ կարգի կը դնենք: Պէտք է տեղի ունենայ, ինչպէս կ’ըսեմ, դիւրաւ: Դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ իմանաք, թէ ինչ կ’ընէք», ըսած է նախագահի գործող թեկնածուն: