“Երկիր Մետիա”.-Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը լուսանկարներ հրապարակած է քիչ առաջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէն ռմբակոծուած Ստեփանակերտի ծննդատունէն: Լուսանկարները հրապարակուած են գերատեսչութեան «Թելեկրամ»ի ալիքով: Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեան յայտնած է, որ Ստեփանակերտի ու Շուշիի քաղաքացիական շրջաններուն թիրախաւորման հետեւանքով կան մեծ թիւով տուժածներ։