Բանուորներու արհմիութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան Սուրիոյ կառավարական խմբակին հետ, ներկայութեամբ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի, առողջապահութեան նախարար Հասան Ղապպաշի, ընկերային ծառայութիւններու նախարար Սալուա Ապտալլայի, ներքին առեւտուրի նախարար Թալալ Պարազիի, արդիւնաբերութեան նախարար Զիատ Սապպաղի, ելեկտրականութեան նախարար Ղասսան Զամէլի, ֆինանսներու նախարար Քինան Եաղիի եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Զուհէյր Խուզեմի: Արնուս շեշտեց, որ կառավարութիւնը շատ գոհ է ներկայ իրավիճակէն, սակայն ստիպուած է այս միջոցին դիմելու ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ: Ան յայտնեց, որ ազգային հարստութեան 80%-ը ներկայիս զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ կը գտնուի, անոնք վերջերս շարունակեցին իրենց ոճիրները եւ Սուրիոյ ծովեզերային զանազան շրջաններ հրդեհի մատնեցին: