Հրաչեայ Քոչար
Ճեմարանի առօրեան հայրենի շունչով ծաղկեցնելու մէջ իրենց գնահատելի դերակատարութիւնը ունեցած են արեւելահայ  հիւրեր եւս, որոնք չէին թերանար մէկ-մէկ հանդիպելու եւ շփուելու ինչպէս  ուսուցչական կազմին, այնպէս ալ աշակերտութեան, ընդհուպ  անոնց  ծնողներուն՝ ողջ հանրութեան  հետ: Ժամանակները սկսած էին  փոխուիլ,  եւ Երեւանի իշխանութիւնները  ակներեւ ճիգ կը թափէին  սիրաշահելու սփիւռքահայութեան բոլոր շերտերը անխտիր եւ Հայաստանը  դարձնելու համայն  հայութեան  հայրենիքը:
Ահա այս ծիրէն ներս էր, որ առաջինը Լիբանան եկաւ  Հրաչեայ Քոչարը1:
Ան Ճեմարան այցելեց եւ արդի  Հայաստանի թարմ շունչը բերաւ 28 Յունուար 1961-ին, Շաբաթ օր մը, կէսօրէն առաջ, ընկերակցութեամբ Խորհրդային դեսպանատան հայ կցորդին: Առ այս՝  ան առաջին ծիծեռնակն էր, որ կու գար հայրենիքէն: Իրմով է որ փոխադարձ այցելութիւնները թափ առին ու բազմացան:
Թէկուզ առաջինը՝ սակայն  ան բոլորովին անծանօթ մը չէր, գոնէ անոնց համար, որոնք կը կարդային ժամանակակից մամուլը ու քիչ թէ շատ վերահասու էին հայրենի անցուդարձերուն, եւ այս առումով՝ Հրաչեայ Քոչար ունէր բաւական ծանրաբեռն ու ճնշիչ  թղթածրար մը:
* * *
Ան կ’ամբաստանուէր իբրեւ մէկը այն կծու համայնավարներէն, որոնք շատ սերտ կը գործակցէին հայրենի պատկան սպասարկութեանց հետ՝ մինչեւ իրենց ձեռքը թաթխելով այնպիսի մատնութիւններու ու զրպարտութիւններու մէջ, որոնք  1936-37 տարիներուն պատճառ դարձան  հայ գրողներու ու մտաւորականներու փաղանգի մը բանտարկութեան,  գնդակահարութեան  կամ աքսորին:
Ով՝ ով, սակայն ինք՝ Քոչար, ամբողջական համոզումով ու նուիրումով շարունակեց իր գործունէութիւնը այլապէս եւս, նախ իբրեւ լրագրող միանալով  Կարմիր բանակին ու հետեւելով անոր մղած մարտերուն Համաշխարհային Բ. պատերազմի բոլոր հինգ տարիներուն, ապա իբրեւ գրող՝ պանծացնելով  համայնավարութիւնը եւ  անոր հաստատած կարգերն ու «պայծառ առօրեան». այս գաղափարախօսութեան  ցայտուն գրաւականն է իր «Մեծ Տան Զաւակները» ծաւալուն վէպը, որ լոյս տեսաւ պատերազմէն ետք՝ 1952-ին, թարգմանուելով միութենական  այլ լեզուներու եւս:
Այդ «տունը» խորհրդային անսահման հայրենիքն է, իսկ «զաւակները»՝ խորհրդային մէկ ու միասնական՝ «եղբայրացած» անանուն ու անդիմագիծ ժողովուրդները՝ առանց գոյնի, լեզուի ու կրօնքի խտրութեան:
             Սփիւռքը  գաղափարական այս պղտոր ծիրէն ու  տեսանկիւնէն  կը ճանչնար Քոչարը, երբ ան ձեռնարկեց  իր  անակնկալ ու աննախընթաց  այցելութեան ի Լիբանան:
* * *
Այն օրը  Ճեմարանի բակը լեցուն էր  մասնաւորաբար  աշակերտներով:
Համակրելի հռետոր,  ձայնային ու շարժումային բոլոր հնարքներուն  հմտօրէն տիրապետող, այլեւ ջերմ ու  համակիչ հայերէնով մը՝ ան մօտաւորապէս ամբողջ մէկ ժամ խանդավառեց ներկաները՝ իր հայրենասիրական, հայեցի  անզսպելի յուզումներով ու  զեղումներով համակելով իր ունկնդիրները. «Կը հաւատանք, որ մօտիկ ապագայում Հայաստանի քաղաքացիներ  պիտի դառնաք նաեւ դուք՝ կազմելով մի ժողովուրդ»,- նաեւ թելադրելով.  «Մի՛ սպասէք, որ Հայաստանը ինքնիրեն  լայննայ, որպէսզի զայն ընդունիք եւ հոս գաք հաստատուելու». ու մանաւնդ. «Հիմա մենք միայն հիւսիսից  ենք տեսնում Մասիսը, մաղթում ենք որ մի օր նրան  տեսնենք նաեւ  հարաւից եւ արեւմուտքից»:
Վրացեան, որ  այս ամբողջ ժամանակը աներեր  կանգնած էր անոր կողքին եւ  լաւ կը ճանչնար զայն, եղաւ առաջին «շնորհաւորողը»՝  կիրարկելով խայթող  սրամտութիւն մը.
-Քոչա՛ր, դաշնակցական գործիչի պէտք ունենք, մեր մօտ մնա՛ էստեղ:
Բայց իրապէս ամէն բանի տեղեա՞կ էր Վրացեան:
* * *
Որովհետեւ պէտք եղաւ, որ տարիներ անցնէին, որպէսզի լոյսին գար այն դրական  շրջադարձը, որ իր քաղաքական ու գաղափարական  ըմբռնումներուն մէջ  ունեցած էր երբեմնի «Մեծ տան»  այս  հաւատարիմ զաւակը՝  հետզհետէ ամփոփուելու ու կեդրոնանալու  համար  իր հարազատ  «Փոքր տան» վրայ:
Եւ այս՝ առանց անպայման խզուելու համայնավար կուսակցութենէն  եւ որոճալով զանազան ազգօգուտ ծրագրեր:
Այսպէս՝
1) Ան կը դիմէ օրուան իշխանաւորներուն՝ պահանջելով.
ա)  հաստատել  Հայաստանի արտաքին նախարարութիւն մը,
բ) խորհրդային դեսպանատուներու կից հիմնել հայկական հիւպատոսարաններ,
գ) հրատարակել Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լեռան 40 օրերը» եւ Շանթի գործերը,
դ) Սարդարապատի մէջ հիմնել յուշահամալիր մը թանգարանով հանդերձ,
ե) վերականգնել զօր. Անդրանիկի  անունը,
զ) վերադարձնել Լազարեան ճեմարանը:
2) Չի վարանիր այս բոլորը  կրկնելու  Անաստաս Միկոյեանին, որ…կ’ընդունի զանոնք առանց առարկութեան, եւ ինչպէս գիտենք անոնց մեծ մասը բարւոք լուծում կը ստանայ:
Կու գայ պահ մը, ուր Քոչարի կ’առաջարկուի ստանձնել մինչեւ անգամ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութիւնը, որ ան կը մերժէ:
* * *
Եղեռնի յիսնամեակին ընդառաջ ան կ’որոճայ այլ ծրագրեր:
3) 1963-ի վերջերուն, սփիւռքահայութեան ուղղուած մէկ խօսքին մէջ, կը խոստանայ բարձրացնել  պատշաճ յուշարձան մը Եղեռնի զոհերուն: Իսկ 1964-ին առ այդ կը դիմէ օրուան իշխանութեան  նման կողթողի մը կառուցումի թելադրանքով: Ան մինչեւ անգամ կը նկարագրէ զայն՝ իբրեւ երկինք խոյացող բարձր սիւն մը, որ պիտի օժտուած ըլլար մշտավառ կրակով:
 Զարմանալի չէ՞, որ ճիշդ այդպէս ալ  կերտուեցաւ Եղեռնի յուշարձանը:
4) Կ’առաջարկէ կենդկոմին՝  մեծ շուքով նշել Եղեռնի յիսնամեակը:
Այս երկու  առաջարկներով կը դիմէ մինչեւ անգամ Պրեժնեւին ու Քոսիկինին:
Եւ մինչ կը պատրաստուէր անձամբ մասնակցիլ Յիսնամեակի հրապարակային ձեռնարկին՝ 24 Ապրիլի 1965-ին, այդ նոյն օրը սրտի տագնապով կ’իյնայ  անկողին:
Այդ ցոյցը, ինչպէս գիտենք, խաղաղ չանցաւ. անվարժ ցուցարարները գործեցին  ապիկար չափազանցութիւններ՝ մղելով ոստիկանութիւնը, որ միջամտէ ու  կատարէ ձերբակալութիւններ: Եւ Քոչար անշուշտ կ’իմանայ այդ բոլորը:
Ութ օր ետք՝ 2 Մայիսին,  անոր  առանձնատունը  կ’այցելէ Նագուշ Յարութիւնեանը՝ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահը, որուն կը յայտնէ իր զայրոյթը՝ պետութեան  ցուցարարներուն հանդէպ ցուցաբերած անհամաչափ վերաբերումին  առնչութեամբ…
Եւ այդ կ’ըլլայ իր վերջին «ելոյթը»ը նոյն օրուան վերահաս մահէն առաջ՝ 55 տարեկանին:
* * *
Այդ նոյն տարին լոյս կը տեսնէ Քոչարի վերջին աշխատութիւնը, որ  եռագրութիւն մըն է եւ կը կոչուի «Սպիտակ Գիրքը», որ կը բովանդակէ երեք գողտրիկ վիպակներ՝ «Նահապետ»ը, «Կարօտ»ը եւ «Եփրատի Ափին»ը:
Քոչարի  ստուար գրականութեան մէջ ասոնք այնպիսի ստեղծագործութիններ են, որոնք բացարձակապէս ոչ մէկ առնչութիւն ունին  «Մեծ տան» զաւակներուն, Խորհրդային Միութեան ու համայնավար գաղափարախօսութեան, այլ խօսքով՝  իր «հին աստուածներուն»  հետ: Բոլորն ալ կ’առնչուին մեր փոքր ածուին՝ հայ գիւղացիի առօրեային, հայրենակորոյս պանդուխտին ու անոր խանձող կարօտին  եւ այն «փոքր տունին», որ ան ձգած է Արաքսէն այն կողմ ու գաղթական եկած է Արեւելահայաստան:
Ահա Առաքելը, որ կ’ապրի Արազի ափին, սակայն անոր աչքերն ու հոգին միշտ ուղղուած են գետի միւս կողմը լքուած տունն ու հողը. «Հիմա երկիրը հեռու էր ու անհասանելի, եւ Առաքելը նայում էր՝ առաւօտ, երեկոյ, գիշեր եւ ցերեկ… Մասիսները կանգնում էին  Արազի էն ափին, Առաքելի աչքերի մէջ: Թէ սիրտ ունիս՝ դիմացի՛ր: Ուրիշները, օրուայ աշխատանքից  յոգնած, դադրած, քնում էին խորը քնով,  իսկ Առաքելը քնել չէր կարողանում. «Իմ սիրտ կը ցաւէ…երկիր ինծի կը կանչէ…» («Կարօտ»):
Ահա այս կանչին ալ չդիմանալով՝ օր մը ան  կը հատէ Խորհրդային պետական սահմանը, կ’անցնի Արաքսը ու կը հասնի իր ծննդավայրը, իր տնակը ու կը համբուրէ անոր աւերակ քարերը: Քանի մը շաբաթ այնտեղերը թափարելէ, մարգերու թարմ խաւարծիլը ճաշակելէ, աղբիւրներու ջուրը խմելէ,  քիւրտ ծանօթներու հետ հաց ուտելէ  ու կարօտը մեղմելէ  ետք կը դառնայ  հակառակ ուղղութեամբ  ու կը միանայ   իր հարազատներուն:
Ա՛յս էր Քոչարի վերջին կտակը, վերջին պատգամը, վերջին աւանդը:
Սակայն հակառակ այս բոլորին՝ ան չյաջողեցաւ  յաչս պատմութեան վերականգնել իր վարկը, մոռցնել միւս Քոչարը, որուն խարանը շարունակեց մնալ ճակատին:
* * *
2017-ին ձեռնարկի մը առթիւ գտնուեցայ Գրողներու տունը, որուն պատերը կը զարդարէին մեր հին ու նոր գրեթէ բոլոր գրողներու պատկերները:
Կը բացակայէին երկուքը՝ Նայիրի Զարեանինը եւ Հրաչեայ Քոչարինը:
Արմենակ Եղիայեան
________________________________________________
1-Ան Լիբանան  մնաց 18 օր, իջեւանեցաւ Federal պանդոկը:  Ընդառաջեց անխտիր բոլոր հրաւէրներուն՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի որեւէ խտրութեան,  շրջեցաւ Լիբանանի բոլոր հայաշատ օճախները եւ ունեցաւ 40 ելոյթ: