16 Նոյեմբերին, Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Ազատութեան հրպարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն ետք, մեկնարկեց երթը Երեւանի փողոցներով: Երթի մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայով անցան եւ ուղղուեցան դէպի ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն եւ անոր կից գտնուող ԱԳ Նախարարութիւն:
17 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին դատախազութեան անյապաղ գործընթաց սկսիլ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ապահովութիւնը վտանգի ենթարկած Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ:
Յայտարարուեցաւ, որ 17 Նոյեմբերին կը սպասեն Ազգային ժողովի նիստի աւարտին եւ ըստ այդմ հետագայ քայլերուն մասին կը յայտարարեն 18 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի ունենալիք հանրահաւաքին:
Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական եւ լրատուական ծրագիրներու տնօրէն, ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան, որ ըսաւ, թէ երբ հրապարակուեցաւ Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնը, բնական մարդը երկու ճամբայ ունէր` արցունքը աչքերուն ըսել` ժողովո՛ւրդ, չկրցայ, բայց կը խոստանամ բան մը ընել:
«Երկրորդ ուղին արժանապատուութեան գագաթնակէտն է. իշխանութիւնները անընդհատ կ՛ըսէին Կարսի ամրոցը յանձնեցին ու ատիկա պիտի չկրկնուի, այն ալ ինչպէ՜ս կրկնուեցաւ, աւելի վատը եղաւ, որովհետեւ Կարսի ամրոցը յանձնելէ ետք գնդապետ Մազմանեանը, ինչպէս վայել է արժանապատիւ մարդուն, ատրճանակը քունքին ուղղեց, իսկ մեր երկրի վարչապետը ժպտելով կը խօսէր այդ օրը», յայտնեց ան:
Ապա ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» ճամբու քարտէզը, որուն մէջ կարեւոր է բացառել Արցախի ամրագրումը Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու յաջորդ հանրահաւաքը 18 Նոյեմբերին է: